Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան
Եւ «Վիվասել–Էմ. Թի. Էս.»-ի Ներդրումը`
Արտակարգ Իրավիճակներու Կառավարման Ոլորտին Մէջ
Օգոստոս 14-ին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր: Ստեղծուած է հիմք` երկու կառոյցներու փոխգործակցութեան համար:
Համագործակցութեան շրջանակին մէջ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը 50 միլիոն դրամ յատկացուցած է արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան` սըրվըրային տնտեսութիւն ստեղծելու համար:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Ճգնաժամային կառավարման կեդրոնի տարածքին մէջ, որ տեղակայուած է հանրապետութեան ամենաշարժակայուն շէնքերէն մէկուն մէջ, պիտի ստեղծուի միջազգային չափորոշիչներուն համապատասխան` տուեալներու պահպանման սըրվըրային կեդրոն, որ յագեցած պիտի ըլլայ հզօր ելեկտրածին շարժակներով, հովացման եւ այլ համակարգերով: Այստեղ պիտի գտնուի նաեւ Աղէտներու վտանգին նուազեցման ազգային դիտացանցը: Կը նախատեսուի նոյն տարածքին մէջ տեղակայել նաեւ Հայաստանի բոլոր նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու կրկնորդ (backup) սըրվըրները:
Նշենք, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի Միացեալ ազգերու զարգացման ծրագրի գրասենեակին հետ միատեղ:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն ծանօթանալու նպատակով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան եւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը այցելած են Գառնիի դիտարան, Լուսակերտի ուսումնական կեդրոն եւ Բալահովիտ, ուր պիտի կառուցուի հայ-ռուսական մարդասիրական կեդրոնը:
Թիֆլիսահայութիւնը Սուրիահայերուն Համար
Հանգանակուած Գումարը Փոխանցած Է Ս. Էջմիածինին
Սուրիահայերուն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով թիֆլիսահայ համայնքին կողմէ հանգանակուած ամբողջ գումարը փոխանցուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին: Վիրահայոց թեմի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Թիֆլիսի մէջ շարք մը հայկական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, արձագանգելով ծանր կացութեան մէջ գտնուող սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնութիւն ցուցաբերելու Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կոչին, կազմակերպած են տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ գոյացած գումարը պիտի օգտագործուի սուրիահայերուն օգնելու: Այս նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնը, Դաւթեան տիկնիկային մշակոյթի տունը, «Armenian Art Hall» ելեկտրոնային ամսագիրը, «Վրաստանի հայ համայնք» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Համահայկական խաղեր» միջազգային միութեան Վրաստանի մասնաճիւղը, թեմի հոգեւոր դասը, գործարարներ, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, թիֆլիսահայ համայնքի անդամներ: Հանգանակուած գումարը` 5000 ամերիկեան տոլարը, վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի օրհնութեամբ եւ միջնորդութեամբ, փոխանցուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը 200 հազար տոլար գումար արդէն փոխանցած էր «Սուրիահայերուն օգնութեան հիմնադրամ»-ին, յառաջիկային եւս տրամադրուելիք 200 հազար տոլարին մէջ իր տեղը պիտի ունենայ վիրահայ համայնքին հանգանակութիւնը:
Աւետիք Իսահակեանի Տուն–Թանգարանը Հարստացաւ
Յիշարժան Ցուցանմուշով Մը
Վաստակաւոր գեղանկարիչ Ռաֆայէլ Աթոյեանը Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին նուիրեց իր «Աբու-Լալա Մահարի» խորագրեալ մեծակտաւ աշխատանքը: Թանգարանի ֆոնտերու գլխաւոր պատասխանատու Անժելա Խորէնեան յայտնած է, որ Աւետիք Իսահակեանի ստեղծագործութիւնները յաճախ ներշնչման աղբիւր եղած են հայ եւ օտար արուեստագէտներուն համար, իսկ նոր գլուխ գործոցը` «Աբու Լալա Մահարի» պոեմը, առաւել եւս: Այս առիթով Վարպետին տան մէջ կայացած հանդիպումին ներկայ էին նկարիչը` կնոջ հետ, Հայաստանի վաստակաւոր գեղանկարիչ Ռոբերտ Էլիբեկեանը, գրականագէտ Աւիկ Իսահակեանը, բազմաթիւ հիւրեր: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Յասմիկ Մելքոնեանը: Խօսելով հայ գեղանկարչութեան մէջ նկարիչին աւանդին մասին` ան դիտել տուած է, որ ասիկա նկարիչին կողմէ թանգարանին նուիրած երկրորդ աշխատանքն է, առաջինը «Անին» կտաւն էր, 1965 թուականին նուիրուած:
Ռաֆայէլ Աթոյեանի մասին ջերմ խօսքեր արտասանած են Աւիկ Իսահակեանը, Ռոբերտ Էլիբեկեանը, իսկ ինքը` Ռ. Աթոյեանը, յուզումով յիշած է, որ ըլլալով գիւմրեցի` երջանկութիւն ունեցած է տեսնելու ու լսելու Վարպետը: Ան յատկապէս շեշտած է, որ Իսահակեանի հանճարեղ երկը միշտ ալ ոգեւորած է զինք եւ իր ստեղծագործական մտորումները ուզած է յանձնել կտաւին: Եւ հեռաւոր Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, ուր 1991-ին կը բնակէր նկարիչը, ի վերջոյ, կեանքի կոչած է իր երազանքը: Ան ուրախ է, որ կտաւը կը նուիրէ Վարպետին տուն-թանգարանին, որ այսօր մայրաքաղաքի լաւագոյն մշակութային օճախներէն մէկը կը հանդիսանայ, եւ ուր կը պահպանուին Վարպետի կեանքն ու գործունէութիւնը լուսաբանող արժէքաւոր ցուցանմուշներ:
Կտաւը պիտի ցուցադրուի թանգարանին մէջ, եւ այցելուները զայն դիտելու կարելիութիւն պիտի ունենան:
Սփիւռքահայ Աշակերտներու «Հայ Ենք Մենք»
Ներկայացումը` «Մհեր Մկրտչեան» Թատրոնի Բեմին Վրայ
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Լիբանանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտներէն բաղկացած թատերախումբին կողմէ Երեւանի «Մհեր Մկրտչեան» թատրոնի բեմին վրայ բեմադրուեցաւ «Հայ ենք մենք» ներկայացումը:
Նշենք, որ թատերախումբը կը մասնակցէր նաեւ «Արի տուն» ծրագրի վեցերորդ հանգրուանին եւ հիւրընկալուած էր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Երեւանի հիւրատան կողմէ:
Ներկայացումը երեք անգամ բեմադրուած է Պէյրութի մէջ: Անոր մէջ ներկայացուած է սփիւռքահայ երիտասարդին եւ երեւանցի աղջկան սիրոյ խորհրդանշական պատմութիւնը, որ երջանիկ աւարտ կ՛ունենայ, եւ անոնք կը հիմնեն նոր հայկական օճախ մը:
Ներկայացումը դիտելու եկած էին Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայեր, «Արի տուն» ծրագրի վեցերորդ հանգրուանի մասնակիցներ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներ եւ ուրիշներ:
«Հայաստան» Հիմնադրամին Նուէրը` Արին Գիւղին
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Բրիտանիոյ հայ համայնքին օժանդակութեամբ դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ նուիրած է Վայոց Ձորի մարզի Արին գիւղի 52 աշակերտի: Նախաձեռնութիւնը կատարած է հիմնադրամի Բրիտանիոյ տեղական մարմինը, որուն ատենապետը` Արմինէ Կարապետին նշած է, որ ուսումնական տարուան սկիզբը տասնեակ ընտանիքներու նիւթական բեռը թեթեւցնելը ո՛չ միայն կենցաղային, այլ նաեւ բարոյական աջակցութիւն է:
Հիմնադրամի Բրիտանիոյ տեղական մարմինը կրթական եւ առողջապահական մեծ ծրագիրներուն զուգահեռ, վերջին 10 տարիներու ընթացքին օժանդակած է Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Արագածոտնի եւ Վայոց Ձորի մարզերու աւելի քան 2000 աշակերտի:
«Ուան Արմինիա» Բերքաբեր Գիւղին Մէջ
Ջերմոցներ Պիտի Կառուցէ
«ՈՒԱՆ Արմինիա» կազմակերպութեան վերջին ծրագիրներէն է Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղի բնակիչներուն օգնել, որպէսզի անոնք կարենան դրամական միջոցներ ստանալ: Այդ մասին «Նիուզ»-ի թղթակիցին յայտնած է «ՈՒԱՆ Արմինիա» կազմակերպութեան տնօրէն Տէյվիտ Պեքեթը:
«Ծրագիրը կը ներառէ ջերմոցներու կառուցում, անոնց գործածութեան վերաբերեալ դասընթացներու կայացում, ինչպէս նաեւ` ջերմոցներու պահպանման վերաբերեալ վճարովի դասընթացներ», նշած է ան: Ըստ Պեքեթի, ներկայ դրութեամբ գիւղը ի վիճակի չէ սեփական գիւղատնտեսական հողատարածքները օգտագործելու, քանի որ կը գտնուի հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ: «Գիւղին ուղղութեամբ պարբերաբար կը կրակեն արձակազէնները, գիւղի բնակիչները ի վիճակի չեն օգտագործելու իրենց գիւղատնտեսական բարիքները, այդ իսկ պատճառով ջերմոցներու օգնութեամբ անոնք տարուան ընթացքին պիտի կարենան մթերքներ աճեցնել եւ վտանգի չենթարկուիլ», դիտել տուած է ան` աւելցնելով, որ չորս նոր ջերմոցները, նախկին երեքին հետ, աջակցութիւն պիտի ըլլան գիւղին:
Անդրադառնալով նախագիծի ֆինանսաւորման` Տէյվիտ Պեքեթ յայտնած է, որ նախաձեռնութիւնը կը ֆինանսաւորուի Հայաստանի «Indiegogo» ծրագիրին կողմէ: «Ասիկա համապատասխան ծրագիր է, ուր նուիրատուներ կրնան ըլլալ ամբողջ աշխարհէն», յայտնած է ան:
Նշենք, որ 7 օգոստոսին «ՈՒԱՆ Արմինիա»-ն սկսաւ սահմանամերձ Բերքաբեր գիւղի մօտ 500 բնակիչներու համար ջերմոցներու կառուցման ծրագիրի 4-րդ հանգրուանին: Ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ 31 օգոստոս:
«Նոր Հալէպ» Թաղամասը Կեանքի Կը Կոչուի
Օգոստոս 21-ին Աշտարակի քաղաքապետ Արմէն Անտոնեանը ընդունեց «Սուրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր մարմինին անդամները` նախագահ Լենա Հալաջեանի գլխաւորութեամբ:
Լենա Հալաջեան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին, համայնքի աւագանիին եւ Աշտարակ համայնքի բնակիչներուն` մարդասիրական վերաբերմունքի, ջերմ ընդունելութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ձեւաւորման համար: Ան նշեց, որ սուրիահայերը` բնակելով «Նոր Հալէպ» թաղամասին մէջ` պիտի դառնան համայնքին անբաժանելի մասնիկն ու աշտարակցիներուն հետ պիտի կիսեն անոնց առօրեան:
«Նոր Հալէպ» թաղամաս ստեղծելու նպատակով Աշտարակ համայնքի աւագանիին կողմէ նուիրուած հողի փաստաթուղթը վաւերացուեցաւ Աշտարակի նոտարական գրասենեակին մէջ` դառնալով «Սուրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան սեփականութիւնը:
Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կը Դիմէ Բարերարներուն`
Սուրիահայերուն Օժանդակելու Հարցով
Սուրիահայերուն համար Աշտարակ քաղաքին մէջ «Նոր Հալէպ» թաղամասը կառուցելու գործը իրականացնելու համար սփիւռքի նախարարութիւնը դիմած է բարերարներուն` նիւթական աջակցութիւն ակնկալելով: Դիմում-նամակին մէջ նշուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Սուրիայում ընթացող պատերազմի արդիւնքում մօտ 10,000 սուրիահայեր տեղափոխուել են Հայաստանի Հանրապետութիւն: Հայրենիքում նրանց նկատմամբ ցուցաբերած ջերմութիւնը լիարժէք կը լինի, եթէ նրանք ունենան սեփական տանիք:
«Սուրիահայերի` մայր հայրենիքում հաստատուելու համար Աշտարակ քաղաքին կից կառուցուելու է «Նոր Հալէպ» թաղամասը: Նոր թաղամասի կառուցման համար պետութեան յատկացրած միջոցներից բացի, անհրաժեշտ է նաեւ բարերարների, հովանաւորների եւ ողջ հանրութեան աջակցութիւնը:
«Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման համար ձեր ներդրումը կարող էք ունենալ` փոխանցում կատարելով յատուկ այդ նպատակով բացուած հաշուեհամարներին:
«Հաշուեհամարներ` ԱԿԲԱ-ԿՐԵԴԻՏ ԱԳՐԻԿՈԼ ԲԱՆԿ
ACBA-CREDIT AGRICOLE BANK
220413350095000 AMD
220413350046001 USD»:
Երեւանեան 7-րդ Միջազգային Երաժշտական Փառատօնը
Նուիրուած Է Հայ Մեծ Երգահան–Երաժիշտ
Արամ Խաչատրեանի 110-ամեակին
Երեւանեան 7-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնը նուիրուած է հայ մեծ երաժիշտ-երգահան Արամ Խաչատրեանի 110-ամեակին: Փառատօնին բացումը պիտի ազդարարուի սեպտեմբեր 11-ի, գերմանացի ջութակահարուհի Իզապելլա Ֆաուստի արուեստով:
Փառատօնին գեղարուեստական ղեկավարներն են Ալեքսանտր Չաւուշեանը եւ Էդուարդ Թոփչեանը: Յիշեցնենք, որ փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ հոկտեմբեր 25:
Երեւանեան 7-րդ փառատօնը պիտի իրականանայ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան տակ եւ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:





