«Սայքս-Փիքօ III», «Սեւր II», «Լոզան II». Միջին Արեւելքի Ու Կովկասի Նոր Քարտէ՞ս. Նոր Մարտահրաւէրներ` Հայաստանի Ու Հայութեան Դիմաց…
ՏՈՔԹ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Գ.- Քրտական Հարցի Նոր Փուլ…
1920-ի օգոստոսի 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը տրամադրութիւն ցոյց կու տար 1918-ին անկախացած Հայաստանի ընդարձակման ու ապագայ Քիւրտիստանի մը յառաջացման: Շուտով ասոր վրայ աւելցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը:
Դաշնակիցներուն կողմէ Հայաստանը իր ճակատագրին լքելը ու ապա 1920-ին անոր խորհրդայնացումը վերջ դրին Սեւրով օրինականացուած Հայաստանին: Աւելի վատ եղաւ քիւրտերու պարագան, որոնք մնացին անհայրենիք (տես վերը): 1920-ականներուն քեմալական իշխանութեան կողմէ նորաստեղծ Թուրքիան թրքացնելու ու զայն եւրոպական տիպի «ազգ-պետութեան» վերածելու քաղաքականութիւնը պատճառ դարձաւ քրտական ապստամբութիւններու շարանի մը:
Տեղին է նշել, որ այս յօդուածին համահեղինակ տոքթ. Կարապետ Մոմճեան վերջերս սկսած է նոր աշխատութիւն մը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ 1920-1940 թուականներուն թուրք ազգայնամոլ քաղաքականութեան դէմ քիւրտերու կազմակերպած ապստամբական շարժումները (1925-ին Տէրսիմի շէյխ Սայիտ Փիրանի ապստամբութիւնը, 1936-1937 Արարատեան ապստամբութիւնը, 1937-ի Տէրսիմի երկրորդ ապստամբութիւնը եւ 1945-1946 Իրանի քիւրտերու ապստամբութիւնն ու միամեայ կեանք ունեցող քրտական Մահապատի Հանրապետութեան կազմութիւնը: Բոլորն ալ ճզմուեցան թրքական մահիկի ու խորհրդային մուրճի միատեղ հարուածներուն ներքեւ): Այս ապստամբութիւններուն իսկական պատմութիւնը ուսումնասիրելը խիստ կարեւոր է, որովհետեւ այդ իրադարձութիւններուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած էր հայութեան (այս պարագային, իմա` ՀՅԴ-ին): Հարցը կարեւոր է մանաւանդ այն առումով, որ նման ուսումնասիրութիւն մը հիմնական առնչութիւն ունի եւ նաեւ կոչուած է առնուազն որոշ լոյս սփռելու այսօրուան հայ պատմագրական միտքը չարչրկող` Թուրքիոյ «գաղտնի» կամ «ծպտեալ» յորջորջուող հայերու հարցին վրայ:
Արդէն, 1980-ական թուականներու սկիզբը Մոմճեանի կողմէ Պէյրութի Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին յանձնած նախաւարտական աւարտաճառին մէջ փորձ կատարուած էր առնուազն որոշ լոյս սփռելու նշեալ ապստամբութեանց Դաշնակցութեան մասնակցութեան վերաբերեալ: Այս ուղղութեամբ, օրին հետազօտողի տրամադրութեանս տակ կար Կարօ եւ Արմէն Սասունիներու «Հայրենիք» ամսագրի ու «Ազդակ»-ի մէջ լոյս ընծայած կարեւոր յօդուածները, ինչպէս նաեւ` Կարօ Սասունիի «Քրտական ապստամբական շարժումներն ու հայ-քրտական յարաբերութիւնները» լայնածաւալ հատորն ու կարգ մը այլ եւրոպական հրատարակութիւններ (1): Այժմ, ձեռքի տակ ունենալով 1920-ական, 1930-ական ու 1940-ական թուականներուն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ` Կարօ Սասունիի ու Ռուբէն Տէր Մինասեանի նամակները (2), կարելի կը դառնայ նման արխիւային նիւթերով աւելի խոր կերպով քննել վերոնշեալ նիւթը…
Արխիւային նոր նիւթերը մեզ կ՛առաջնորդեն այն եզրակացութեան, որ Ցեղասպանութեան յաջորդող հանգրուանին, ՀՅԴ-ի օրուան ղեկավարութեան համար յստակ էր հայկական ստուար «գրպանիկ»-ներու գոյութիւնը Տէրսիմի, Արարատի եւ այլ շրջաններուն մէջ (ըստ վերջին տասնամեակին հրապարակուած թղթակցութեանց` նաեւ Թուրքիոյ այլ վայրերուն մէջ եւս): Ս. Թափառականի «Դէպի կախաղան» յուշագրական հատորին մէջ վիճակագրական տուեալներ եւս կան այս մասին: Անշուշտ նման բան կարելի չէր կռահել 1980-ականներու սկիզբը, որովհետեւ նիւթին առնչուող նորանոր յայտնաբերումները հետազօտողի տրամադրութեան տակ չկային, ինչպէս նաեւ տակաւին փակ կը մնային հարցին առնչուող արխիւային հիմնական նիւթերը: Օրին հետազօտողը կարողացած էր առնուազն յայտնաբերել Արարատի ապստամբութեան առասպելական դէմքերէն քիւրտ Զէյլան Պէյի (3) հայկական ինքնութիւնը, զոր Կարօ Սասունին կը բացայայտէր, երբ ան արդէն իսկ խորհրդային գործիչներու դաւադրութեամբ սպաննուած էր… Սասունի նաեւ կը պնդէ, որ Արարատի ապստամբութեան կը մասնակցէին դաշնակցական այլ մարտիկներ եւս, որոնց ինքնութիւնը գաղտնի կը պահուէր հասկնալի պատճառներով:
Հետեւաբար սխալած չենք ըլլար, եթէ ընդգծենք, որ այդ հանգրուանին իսկ ՀՅԴ ղեկավարները քաջատեղեակ էին Թուրքիոյ մէջ «ծպտեալ» հայերու գոյութեան: Սասունի, Տէր Մինասեան ու այլ ղեկավարներ այդ օրերուն այն համոզումը ունէին, որ քրտական ապստամբական շարժումները կրնան դրական արդիւնքի հասնիլ հայութեան համար, ինչ որ իր կարգին կրնար առիթ ընծայել Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան, որ հայրենի հողերը վերադառնար(4): Սակայն, երբ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին յստակ դարձաւ, թէ քրտական ապստամբական շարժումները ձախողած են, նոյն ղեկավարութիւնը նախընտրեց լուռ մնալ «ծպտեալ» հայերու գոյութեան մասին, անոնց ապահովութեան սիրոյն: Հայութեան փոխանցուած պատգամը այն էր, որ հայեր չկան արդի Թուրքիոյ տարածքին: Այս հարցի նոր յայտնութիւնը (ինչպէս վերը նշեցինք) պիտի կատարուէր 1990-ականներուն, Հրանդ Տինքի բերնով:
Դ.- 1948.- «Սայքս–Փիքօ II», Կամ` Իսրայէլի Ստեղծումը
Ընթերցողը դարձեալ շփոթութեան մատնուելու իրաւունք ունի գործածուած «Սայքս-Փիքօ II» ենթախորագրին պատճառով: Սակայն նոյնինքն Միջին Արեւելքի պատմաքաղաքական հոլովոյթին հետեւողը պիտի կարենայ հասկնալ, որ տարածաշրջանի արդէն իսկ անկայուն կացութեան մէջ նոր ազդակ աւելցած էր, երբ բրիտանացի Պալֆուրի խոստումին իբրեւ արդիւնք, 1948-ին Իսրայէլի պետութիւնը կը ստեղծուէր` իբրեւ շարունակութիւն «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագրով Օսմանեան կայսրութեան տարանջատման: Սոյն քայլով Արեւմուտքը աւելի եւս կ’ամրապնդէր իր հակակշիռը շրջանին մէջ:
Վերը նշեցինք արդէն, որ Միջին Արեւելքը գերլարուած վիճակի մէջ պահելու միտող Արեւմուտքը այդ խաղը խաղացած է ու կը խաղայ` ապաւինելով այսպէս ասած սիւննի-շիի ու քրտական խաղաքարտերուն: Ասոր վրայ աւելցուցէք տարածաշրջանէն ներս նոր տարրի մը` Իսրայէլի «պատուաստումը» ու անոր առթած պաղեստինեան տագնապին բերումով տասնամեակներէ ի վեր Մ. Արեւելքը կրծող ողբերգութիւնը, ու արդէն յստակ կը դառնայ Արեւմուտքի գաղութատիրական խաղին չափաձեւը…
Ընդգծելի է նաեւ այն պարագան, որ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն իսլամամէտ կուսակցութեան յաղթանակին բերումով վերջ կը դրուէր քեմալական գրեթէ 70-ամեայ տիրապետութեան, որուն քաղաքական հիմնական արեւելումներէն էր Թուրքիա-Իսրայէլ երկարատեւ բարեկամական դաշնութիւնը` ի հեճուկս արաբական աշխարհին: Սակայն, կռահելով իսլամական նոր վարչակարգին բերումով այս բարեկամական-ռազմավարական կապերու կորուստը, Իսրայէլ խորամանկօրէն իր գրաւը դրաւ զարգացման նոր փուլ մտնող քրտական հարցին վրայ: Առ այս, ան իր բոլոր կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ ի խնդիր Իրաքի հիւսիսը կազմաւորուող կիսանկախ Քիւրտիստանի զարգացման ու ամրապնդման: Նպատակը շրջանին մէջ իր անմիջական հակակշիռին ներքեւ եղող նոր դաշնակիցի մը ստեղծումն էր ու մանաւանդ, անոր միջոցով, Միջին Արեւելքի մէջ հաւանական «Սայքս-Փիքօ III»-ի մը պարագային, ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող խաղաքարտերու տիրանալը:
Այս հարցը, հրատապ կարգով, պէտք է հայ ռազմավարական ու քաղաքական մտքի (պետութիւն, կուսակցութիւններ, հետազօտական կեդրոններ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա եւ այլն) կիզակէտներէն մին հանդիսանայ մէկէ աւելի պատճառներով:
1.- Յստակ է, որ ապագայ Քիւրտիստանի մը կորիզը հանդիսացող ներկայի իրաքեան Քիւրտիստանը հիմնական քաղաքական ու, ինչո՞ւ չէ, ռազմական ու այլ դժուարութիւններ կրնայ յառաջացնել Հայաստանի ու հայութեան համար:
2.- Քրտական պետութիւն մը անպայմանօրէն պիտի առնչուի Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան:
3.- Յստակ է, որ Հայկական հարցը եւս (մանաւանդ` Սեւրի ու ուիլսընեան իրաւարար վճիռի փաստացի թէ օրինական վերակենդանացումով) կ՛առնչուի Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան:
4.- Արեւմուտքը պատասխանատուութեան բաժին ունի Հայաստանի ու հայութեան արդար իրաւունքներու հատուցման խնդրին մէջ: Հետեւաբար Հայաստան պարտի… պարտատիրոջ դիրքերէն մօտենալ Արեւմուտքին:
5.- Ամենամեծ խաղաքարտը, որ Հայաստան ունի իր ձեռքին, Հայկական հարցն է:
Ե.- 1991.- «Սայքս–Փիքօ III» Եւ «Սեւր II»-ի Մը
Հաւանականութի՞ւնը
Վերը յիշեցինք արդէն, որ նորօրեայ «Արաբական գարնան» ակունքները պէտք է փնտռել 1991-ի քուէյթեան տագնապի հակազդեցութեան մէջ: Ստեղծուած կացութիւնը հիմնովին կը փոխէ միջպետական խաղի օրէնքները ու առ այդ` միջինարեւելեան ու կովկասեան տարածաշրջաններուն մէջ սահմաններու ու քարտէսի փոփոխութիւններու նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ:

Լոզանի դաշնագրով յառաջացած Թուրքիան յօդս ցնդեցուց Սեւրով նախատեսուած կարգադրութիւնները. Հայաստան քաշուեցաւ իր խորհրդային սահմաններուն ետին, իսկ Քիւրտիստանի մը յառաջացումը ամբողջովին չքացաւ:
Թուրքիան, որ քեմալականութեան ճամբով ամբողջ 70 տարի փորձեց ստեղծել թրքական ազգ-պետութիւն մը, այսօր կը կանգնի այն իրողութեան առջեւ, որ յառաջացած ազգ-պետութեան հիմքերը այնքան ալ զօրաւոր չեն: Երկիրը ունի խնդրայարոյց փոքրամասնութիւններ (քիւրտեր, ալեւիներ) ու այլ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններ (լազեր, քրիստոնեաներ, եւ այլն), որոնք, ի տես տարածաշրջանէն ներս տիրող յեղափոխական խմորումներուն, կարողութիւնը ունին քեմալականութեան երազած ազգ-պետութիւնը տարանջատման տանելու: Միւս կողմէ, սուրիական տագնապին մէջ սէուտական ու քաթարեան դրամով ու արեւմտեան մեղսակցութեամբ իր թաթը խրած Թուրքիոյ իսլամական կառավարութիւնը արդէն իսկ սկսած է զգալ իր գործած ահաւոր սխալը ու անոր ապագայ հնարաւոր վտանգները:
Բոլոր ազդանշաններն ալ ցոյց կու տան, որ տարածաշրջանը իր հակակշիռին տակ պահել ուզող Արեւմուտքը պատրաստ է նոյնիսկ տեղի տալ Թուրքիոյ տարանջատման դիմաց: Սա արդէն մեր վերնագրին մէջ գործածուած «Սայքս-Փիքօ III» տրամաբանութիւնն է, որուն հիմնական դերակատարը պիտի ըլլայ այս կամ այն ձեւով յառաջանալիք Քիւրտիստան մը: Շարունակելով այս տրամաբանութիւնը, կացութիւնը նաեւ կրնայ յառաջացնել «Սեւր II» մը, որ կրնայ առաջնորդել «Լոզան II»-ի մը… Բոլոր պարագաներուն ալ, կացութիւնը սերտ աղերս ունի հայութեան ու Հայաստանի հետ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ քրտական հողային առաւելապաշտական մօտեցումը (տեսնել քարտէսը) ռազմավարական վտանգներ կրնայ սպառնալ մեզի…
Զ.- Հայկական Առնչութիւններ Ու Եզրակացութիւններ…
2015 թուականի նախասեմին, երբ հայութիւնը կը պատրաստուի նշել 1915-ի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, միջինարեւելեան ու կովկասեան տարածաշրջաններու պայթուցիկ իրավիճակը լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցած է մեր դիմաց:
Առաջին հերթին, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին ականատես կ’ըլլանք Սուրիոյ հայկական գաղութի փաստացի տկարացման (նուազագոյնը):
Երկրորդ, Սուրիոյ տագնապը ինքնին վտանգաւոր մարտահրաւէր մըն է` ուղղուած Լիբանանի հայութեան:
Երրորդ, արցախեան հարցի լուծման յառաջիկայ փուլը եւս անպայման խաղաղութիւն չ’ենթադրեր ու կրնայ հայ-ազերիական նոր բռնկումի առաջնորդել:
Չորրորդ, կովկասեան տարածաշրջանին մէջ հայութեան ռազմավարական գործընկերը հանդիսացող Ռուսիան, իր խաղացած երկդիմի քաղաքականութեամբ, կը վտանգէ նոյնինքն այդ ռազմավարական գործընկերութեան: Տակաւի՛ն, Հայաստանէն արտագաղթը հիմնական վտանգ կը սպառնայ մեր գոյութեան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի ներկայ վարչակազմէ առհասարակ կարծէք հիմնական առաջնահերթութեան վերածած չէ մեր պետականութեան ամրապնդման հրամայականը:
Դժբախտաբար իրարու խառնուած են իշխանութիւն-պետականութիւն հասկացողութիւնները, իսկ երբեմն ալ տիրող իշխանութեան դէմ մղուած պայքարը վտանգ կը սպառնայ նոյնինքն մեր պետականութեան…
Թէեւ ՀՅԴ-ն տակաւին երկու տարի առաջ գումարեց իր վերջին Ընդհանուր ժողովը եւ վերոնշեալ հարցերը համապարփակ քննարկումի ենթարկելով` յանգեցաւ բանաձեւուած ռազմավարական որոշումներու, սակայն այնպէս կը թուի, որ վերջին երկու տարիներուն ներհայկական հարցերն ու մասնաւորաբար միջինարեւելեան ու կովկասեան տարածաշրջաններուն մէջ արձանագրուող ռազմաքաղաքական զարգացումները (որոնց ուրուագծումը փորձեցինք կատարել այս յօդուածով) անհրաժեշտութիւնը կը ստեղծեն նոր քննարկումներու, գէթ` ռազմավարական վերանայումներու կամ ճշգրտումներու կարգով:
Դաշնակցութիւնը միայն մէկ մասնիկն է մեր ժողովուրդին, սակայն դաշնակցական քաղաքական միտքը առանցքային դերակատարութիւն ունի խաղալիք այս խնդիրներու պետակա՛ն մակարդակով դիմագրաւման մէջ: Ան իր առաջադրելիք նոր ռազմավարութեամբ պէտք է կարողանայ զանոնք համայն հայութեան ուշադրութեան առանցքը դարձնել ու ազգը մղել շինիչ մթնոլորտի` ի տես անոր դիմաց կուտակուած փոթորկաբեր ամպերուն… Իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենց կարգին, պարտաւոր են հիմնովին բարեփոխել ցարդ իրենց վարած ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը, վեր բարձրանալ մարզպետ-գիւղապետական գաւառամտութենէն ու համախմբել հայութեան ամբողջ ներուժը, որ ի դէպ, արհամարհելի չէ:
Ասոնք են այն ազգային հիմնական առաջադրանքները, որոնց կը սպասենք բոլորս:
(Շար. 2 եւ վերջ)
14 օգոստոս, 2013
Լոս Անճելըս
Ծանօթագրութիւններ
(1) Համազգայինի հայագիտական հիմնարկէն վկայուելու համար Մոմճեանի յանձնած աւարտաճառի տպագրուած անգլերէն օրինակին համար տեսնել` Garabet Moumdjian, «Armenian Kurdish Relations in the Era of Kurdish Nationalism: (1830 – 1930)», BAZMAVEB, 1999, Vol. CLVII, # 1 – 4, pp. 268-347: Աւարտաճառի ելեկտրոնային օրինակը կարելի է գտնել համացանցի հետեւեալ էջի վրայ.- http://kurdishissuetoday.blogspot.com/2009/08/armenian-kurdish-relations-in-era-of.html
(2) Նամականիներու գծով, Ռուբէն Տէր Մինասեանինը 2012-ին լոյս տեսաւ Հայաստանի մէջ (թէեւ բաւականին սրբագրելի սխալներով, որոնց նկատմամբ յատուկ ուշադրութիւն պարտի տրամադրել մասնագէտ պատմաբանը), իսկ Սասունիինը տրամադրած է իր զաւակը` Բաբգէն Սասունին, որ այժմ զայն հրատարակութեան կը պատրաստէ:
(3) Զէյլան պէյը խնուսցի Արտաշէս Մուրատեանն էր: Տեսնել` Garabet Moumdjian, Armenian Kurdish Relations in the Era of Kurdish Nationalism: (1830 – 1930)», BAZMAVEB, 1999, Vol. CLVII, # 1 – 4, pp. 268-347:
(4) Հոս պէտք է նաեւ ընդգծել այն պարագան, որ այս նոյն «լաւատեսութեան» հետեւանքն էր Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն բուռն կերպով հակահամայնավար նկատուող ՀՅԴ-ի ղեկավարութեան կողմէ խորհրդային իշխանութեան նկատմամբ ժամանակաւոր կերպով «բարեհաճ» տրամադրութեան ցուցաբերումը` փայփայելով այն յոյսը, որ Խորհրդային Միութիւնը կրնայ պատերազմի աւարտին հայկական հողերու վերատիրացման միտող քաղաքականութիւն վարել, ինչ որ երբեք տեղի չունեցաւ:




