Համազգային Հիմնադրամ
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ազգային խնդիրներու լուծման համար կը կատարուին բազմաթիւ հանգանակութիւններ, որոնք գէշ-աղէկ, քիչով-շատով կը փորձեն մեղմել մեր ցաւերը, լուծել` թէկուզ մասնակի` մեր խնդիրները:
Սուրիահայութիւնը ամէնօրեայ աջակցութեան կարիքն ունի: Օր մը Հալէպի մէջ, օր մը` Դամասկոսի, այս համայնքը կը ստանայ հարուածներ, որոնց դիմագրաւելու համար իր կորովն ու վճռականութիւնը չի պակսիր, եւ որոնք, սակայն, ամէն օր կը սպառեն իր միջոցները, իր հնարաւորութիւնները: Հիմա, բացի ապահովական խնդիրներէն, բացի ամէնօրեայ սնունդի ապահովման խնդիրներէն, այս համայնքը խիզախօրէն կը պատրաստուի դպրոցական վերամուտին: Ուրեմն` մենք ալ պէտք է քիչ մը աւելի լարենք մեր մկանները, բանանք մեր գրպանները, որպէսզի սուրիահայ երեխաները չզրկուին կրթութիւն ստանալու իրաւունքէն եւ դպրոցի յարկին տակ բնականոն կեանքի նուազագոյն պայմանով ոգեւորուին:
Սահմանամերձ գիւղերուն աջակցութեան ծրագիրներու կը ձեռնարկուին` մեծ ու փոքր միութիւններու կողմէ: Բոլո՛րն ալ քաջալերելի են, բոլո՛րն ալ անհրաժեշտ: Երանի համադրուին այդ աշխատանքները եւ ընդհանուր ծրագրումի մաս կազմեն. բայց եւ այնպէս, անոնցմէ իւրաքանչիւրին գործադրութիւնը ողջունելի է եւ նախաձեռնողներու հանգանակային արշաւներուն մասնակցիլը ու նպաստելը` օրհնելի:
Վերաբնակեցման ծրագիրներ եւս կը գործադրուին, դարձեալ մեծ ու փոքր միութիւններու կողմէ. անոնց մեր մասնակցութիւնը, մեր ներդրումը աւելի քան անհրաժեշտ է` ազգային ապահովութեան հզօրացման գործին բաժին բերելու պատիւին արժանացնելով նուիրաբերողները:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ մեծ տարողութեամբ ծրագիրները եւ աշխատանքները կրնան իրականութիւն դառնալ` ստեղծուած նիւթական միջոցներուն համեմատութեամբ: Պիտի տանք նաեւ այդ նպատակին:
Շարքը անվերջ է, առաջնահերթութիւնները` ակնյայտ: Սակայն, այս տագնապալի խնդիրներու լուծման ամէնօրեայ ճիգէն անդին, չ՛արժե՞ր մտածել ճգնաժամային մնայուն հիմնադրամի մը ստեղծման մասին. հիմնադրամ մը, որուն կայացումը, որուն միջոցներու կուտակումը կրնայ երկար ժամանակ պահանջել, սակայն պիտի կարենայ հասնիլ այնպիսի մակարդակի, որ յաջողի որակականօրէն փոխել ազգային ճգնաժամեր դիմագրաւելու մեր կարողականութիւնը, որ կարենայ ոչ միայն շտապ օգնութեան դեր կատարել, այլ նաեւ հիմնական լուծումներ իրականացնելու ճանապարհներ բանալ մեր առջեւը:
Ո՞վ պիտի կառավարէ նման հիմնադրամ, ո՞վ պիտի նախաձեռնէ անոր: Ո՞վ պիտի քարոզէ այնպէս, որ առանց անմիջական տագնապներու հասնող հանգանակութիւնները վնասելու` անոնց կողքին այդ հիմնադրամը աճի, մեծնայ, ահագնանայ, դառնայ համազգային հիմնադրամը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ