Հալէպի Զինեալները Կ՛օրինականացնեն Հայերու Եւ Քրիստոնեաներու Ինչքերու Բռնագրաւումը

Սուրիոյ առեւտուրի գրասենեակի խորհուրդի եւ Հալէպի առեւտուրի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնութեան խորհուրդի անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան կոչ ուղղեց իսկոյն լծուելու վերաձեւաւորման սուրիական հանրային կարծիքի մը, որ կողմնակից է երկրին փոքրամասնութիւններուն իրաւունքներուն յարգման: Ան այս մէկը կարեւոր նկատեց սուրիական ընկերային խճանկարը իր բոլոր բաղադրիչներով պահպանելու համար: Ան այս մտահոգութիւնը յայտնեց հրապարակումէն ետք կրօնական հրամանագիրի մը, որով կ՛արտօնուի բռնագրաւումը քրիստոնեաներուն եւ հայերուն ունեցուածքներուն, յատկապէս անոնց վաճառատուներուն եւ գործարաններուն: Հալէպի տարբեր զինեալ խմբաւորումներէ (որոնց մէջ նշանաւոր են Քայիտային պատկանող Ժապհաթ Նուսրան եւ Լիուա Թաուհիտը, որ զինեալ մեծագոյն խմբաւորումն է) բաղկացած «կրօնական օրինական խորհուրդ»-ն (Հայաա Շարհիյա) է, որ հրապարակեց այս կրօնական հրամանագիրը: Մինչ այդ, օրեր առաջ Դամասկոսի շրջակայքին մէջ հաւատադրժողականներ հրապարակած էին նոյնանման հրամանագիր մը` Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու ինչքերուն բռնագրաւումը եւ զինամթերքի ձեռքբերման համար անոնց օգտագործումը օրինականացնող:

Ետալեան դիտել տուաւ, որ Հալէպի մէջ աւելի քան 200 գործարաններ` քրիստոնեաներուն եւ սուրիահայերուն պատկանող, ճարտարարուեստական շրջան հանդիսացող Շէյխ Նաժարի մէջ կողոպտուած են, իսկ Շքէյիֆ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն պատկանող գործարանները եւս կողոպտուած են, իսկ ուրիշ զինեալներ կարգ մը գործարաններ աշխատցուցած եւ անոնց արտադրութիւնը Թուրքիոյ վաճառած են: Միւս կողմէ, Լերամուն շրջանի գործարաններուն մեքենաները քակուած են եւ պահեստանոցներուն մէջ գտնուող արտա-  դրութիւններուն հետ արտածուած են թուրք վաճառականներուն` շատ աժան գիներով: Նախապէս արդէն կրօնական հեղինակութիւններ` զինեալներուն վերաբերող, հրապարակած էին կրօնական հրամանագիրներ, ուր քրիստոնեաները նկատեցին «անհաւատներ» (կեաւորներ), որոնց ինչքերու կողոպուտն ու սեփականութիւններուն վաճառքը օրինական է` անձնական նպատակներու օգտագործման համար, նոյնիսկ զէնք գնելու հետ կապ չունեցող: Այս մէկը աննախընթաց երեւոյթ մըն է, որ առնչութիւն չունի իսլամական սկզբունքներուն հետ:

«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ետալեան կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն` լրատուամիջոցներուն ճամբով կամ այլապէս որդեգրելու հաւասարակշռուած ոճ եւ բառամթերք` Սուրիոյ ընկերութեան բաղադրիչ բոլոր կողմերուն նկատմամբ, եւ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ մերժողական դիրք չորդեգրելու պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք նախընտրեցին չէզոք դիրքի վրայ մնալ ու մաս չկազմել բռնութիւններու այս յորձանքին: Ետալեան հաստատեց, որ ինք դէմ է բռնութեան` որ կողմէն ալ ըլլայ, իսկ իր կեցուածքները միշտ ալ դրական պիտի մնան սուրիական հայրենիքին նկատմամբ:

Լեւոն Զեքի Ետալեան հարց տուաւ, թէ ո՛ւր են խոհեմներուն եւ խղճի տէր անձերուն կեցուածքները` վերջ դնելու քրիստոնեաներուն եւ յատկապէս հայերուն մտահոգութիւններուն, որոնք հետզհետէ կ՛աւելնան Սուրիոյ մէջ: Ան նաեւ հարցուց, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ սու- րիացի արաբ քրիստոնեաներուն եւ սուրիահայերուն մերժումը` ուրիշներուն դէմ զէնք բարձրացնելու եւ ոճիր գործելու, կը մղէ մերժելու անոնց գոյութիւնն ու բոլորը հիւրընկալող Սուրիոյ գոյութիւնը, եւ արդեօք զինեալ խմբաւորումներէ հեռու մեր տարած փրկարար ընկերային օժանդակութեան աշխատանքները այդքան սոսկալի արարքնե՞ր կը նկատուին, որ օրէնքները, կրօնական հրամանագիրներն ու յեղափոխութիւններու արժէքները մեզ դատելու լծուին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )