Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Ես այդ տարին արդէն Ուիքլիֆ Հոլէն տեղափոխուած էի` աշխատանքիս համար շատ աւելի յարմար, Պլեք Ֆրայըրզ կոչուող Կաթոլիկեան Տոմինիքեան վանքը, որ կից էր Օրիենթըլ ինսթիթիութին, ուր էր հայագիտական ամպիոնը: Փոխանցեցի հայր Մեսրոպին նոր հասցէս եւ հեռաձայնիս թիւը: Քանի մը շաբաթ ետք այդ երկու օրիորդները եկան եւ գտան զիս այդ վանքին մէջ:
Ծանօթ ըլլալով անոնց առաքելութեան` բացատրեցի, որ 572 էջերէ բաղկացած այդ գիրքը ոչ թէ նոյն օրը, այլ քանի մը օրէն կամ շաբաթէն կարելի չէր նկարել, կազմել եւ այլն: Պէտք էր նախ պաշտօնապէս, Նոր Ջուղայի թանգարանի կամ մատենադարանի անունով դիմում կատարել. լեցնել որոշ հարցարաններ. յանձն առնել որոշ պայմաններ. վճարում կատարել եւ սպասել, որ մեր պատուէրը գործադրուի ժամանակին, անշուշտ եթէ Պոտլէյըն լայպրերին նման կրկնօրինակ մը պատրաստելու գաղափարին սկզբունքով դէմ չէր:
Այսուհանդերձ, վստահեցուցի զիրենք, որ պատրաստ էի նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակել իրականացնելու համար Ջուղայի առաջնորդ Մեսրոպ հայր սուրբին փափաքը: Եթէ կարելի չէր Խաչատուր վրդ. Կեսարացիին տպած առաջին գիրքին իսկական օրինակը ունենալ, Նոր Ջուղան պէտք էր գոնէ անոր լուսապատճէնը ունենար` զայն ցուցադրելու համար վանքի թանգարանին մէջ:
«Սակայն, քանի որ Ջուղայէն Լոնտոն, Լոնտոնէն Օքսֆորտ էք եկած,- ըսի,- կ՛արժէ անպայման տեսնել Պոտլէյըն լայպրերիի կոթողային պատմական շէնքերը, համալսարանի` միջնադարեան սքոլաստիք ուսմանց կեդրոններ եղած քանի մը համբաւաւոր քոլեճները, որոնց ճարտարապետութեամբ եւ երկնակարկառ պարիսպներով, սլացիկ աշտարակներով ու զանգակատուներով հռչակուած է Օքսֆորտի համալսարանը»: Այդպէս ալ ըրինք:
Անոնց մեկնումին յաջորդ օրն իսկ անցայ գործի: Պարեթի համագործակցութեամբ, ըստ հնարաւորին արագացնելով գործընթացը, յաջողեցանք պատրաստել տալ ինձմէ խնդրուած կրկնօրինակը եւ ապահով կերպով հասցնել Նոր Ջուղա: Հայր Մեսրոպը շնորհակալական նամակով հաստատեց անոր ստացումը` միաժամանակ յայտնելով, որ զայն արդէն տեղադրած են վանքին թանգարանը, ուր կը ցուցադրուի մինչեւ այսօր:
Վերադարձ Մայրավանք Անթիլիաս
Մեկնում Նոր Ջուղա*
1977-ի ամրան սկիզբը արդէն վերադարձած էի մայրավանք` Անթիլիաս: 1977-1978 ուսումնական տարեշրջանի հոկտեմբերէն սկսեալ կը դասաւանդէի դպրեվանքին մէջ: Ունէի նաեւ վանական այլ պաշտօններ: Երանաշնորհ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս սեպտեմբերին զիս նշանակած էր վարիչ Անթիլիասի մէջ նոր հիմնուելիք լսարանային ամպիոնին, որ կը կոչուէր «Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան դասընթացք»:
Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ աթոռակից կաթողիկոսի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը վայելող այս դասընթացքը առաջին օրէն մեծ ընդառաջում ունեցաւ մեր համայնքի գրեթէ բոլոր խաւերուն կողմէ: Դասընթացքին կիսամեակը իր աւարտին հասաւ 1978-ի 1 մարտին, երբ դասախօսութեանց հետեւողներուն թիւը հասեր էր 300-ի: Սակայն, դժբախտաբար, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ փետրուարին սկսեր էր կրկին երեւան գալ, շուտով նոր ուժգնութեամբ պայթեցաւ` կողմերու ծանր զէնքերու օգտագործումով: Ուստի յարմար տեսնուեցաւ` ժամանակաւորապէս դադրեցնել մեր դասընթացքը ցնոր տնօրինութիւն:
Օր մըն ալ աթոռակից վեհափառը զիս իր մօտ կանչելով` առաջարկեց ինծի երթալ Նոր Ջուղա, քանի որ տեղւոյն առաջնորդ Մեսրոպ ծ. վրդ. Աշճեանը 2 սեպտեմբեր 1977-ին արդէն մեկնած էր թեմէն` ստանձնելու համար Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդութիւնը, որուն պատճառով շուրջ վեց ամիս է, որ թեմը մնացեր էր առանց առաջնորդի:
Իմ առաջին հակազդեցութիւնս զարմանքի արտայայտութիւն էր: «Վեհափառ Տէր,- ըսի,- ես տարիներ ուսանեցայ Օքսֆորտի համալսարանը ո՛չ թէ քանի մը ամիս ետք առաջնորդական պաշտօն վարելու համար, այլ իմ փափաքս է` իմ մասնագիտութեանս գծով գոնէ քանի մը տարի դասաւանդել դպրեվանքին մէջ, միաժամանակ նուիրուիլ զիս հետաքրքրող գրական ու բանասիրական աշխատանքներու` վանական մթնոլորտի մէջ»:
Յաջորդ օր դարձեալ զիս կանչեց. երկար խօսեցանք եւ վստահեցուց զիս, որ այս կարգադրութիւնը ժամանակաւոր բնոյթ ունէր, քանի որ ես պէտք է կաթողիկոսարան վերադարձած ըլլայի նախքան 1978-1979 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը` վերստանձնելու վանական պաշտօններս. ուստի հաւանութիւնս տուի շուրջ վեց ամսուան շրջանի մը համար երթալ Պարսկաստան: Ահա թէ ինչպէ՛ս 1978-ի Ծաղկազարդէն քանի մը օր առաջ ես արդէն Նոր Ջուղա էի:
Յիշելով Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի սաղմոսարանը` Նոր Ջուղա հասնելէս ետք առաջին գործերէս մէկը եղաւ մուտք գործել թանգարան, աչքերովս տեսնելու համար «Սաղմոս ի Դաւիթ»-ի իմ ուղարկած լուսապատճէնը: Հոն էր` հպարտօրէն յայտարարելով իւրաքանչիւր այցելուի, որ ինք առաջին գիրքն էր` լոյս տեսած վանքի տպարանէն, 1638-ին:
Սիրտս ուրախութեամբ լեցուեցաւ. այս ի՜նչ բախտաւորութիւն. եթէ ոչ բնագիրին իսկական օրինակը, գոնէ անոր լուսապատճէնը վերջապէս վերադարձեր էր տուն` Աստուած գիտէ քանի տարի կամ դար օտարութեան մէջ մնալէ ետք:
Կը մտածէի. «Հիմա որ քանի մը ամիս պիտի ապրիմ այս վանքին մէջ, պէտք է լաւագոյնս օգտագործեմ ժամանակս աւելի մօտէն ճանչնալու Իրանա-Հնդկաստանի հայոց այս թեմին անցեալն ու ներկան եւ առաջին հերթին այս գիրքին տպագրիչը` Խաչատուր վարդապետն ու իր հիմնած տպարանը: Անշուշտ այդ պահուն միտքիս ծայրէն իսկ չէր անցներ, որ այդ քանի մը ամիսները Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան պատճառով պիտի վերածուէին շուրջ 25 տարիներու»:
Աւագ շաբաթը հոյակապ անցաւ: Ժողովուրդը խուռներամ կը մասնակցէր եկեղեցական արարողութեանց: Կարծէք` նուիրականացած աւանդութիւն մը կար: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք էր նախապատուութիւն տար ներկայ գտնուելու իր թաղի եկեղեցւոյ մէջ կատարուող արարողութեան կամ պատարագին: Օրինակի համար, կրնար այդ կիրակի օրուան պատարագը մատուցուիլ իր տունէն միայն հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող եկեղեցւոյ մէջ, սակայն ինք կը նախընտրէր սպասել, որպէսզի յաջորդ շաբաթ իր թաղի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք պատարագին կարենայ մասնակցիլ:
Հետագային պիտի տեղեկանայի, որ երբեմնի հայահոծ բնակչութիւն ունեցող Նոր Ջուղայի մէջ տակաւին կային կանգուն մնացած 13 եկեղեցիներ: Անոնցմէ երկուքը վանքեր էին: Առաջինը` առաջնորդանիստ Ս. Ամենափրկիչ վանքն էր, իսկ երկրորդը` Կուսանաց Ս. Կատարինեան մենաստանը: Այս երկու վանքերն ալ անցեալին ունեցած էին իրենց միաբանութիւնները:
17-րդ դարու երկրորդ կէսին, երբ մայրաքաղաք Սպահանի մէջ հաստատուած հայութիւնը շահին հրամանով տեղափոխուած էր Զայանդերուդ գետի միւս ափին գտնուող Նոր Ջուղա հայաքաղաքը, տեղւոյն բնակչութեան թիւի աճին պատճառով, նոր թաղամասերու հաստատումով, բնականաբար կառուցուած էին նոր եկեղեցիներ. ուստի անոնց թիւը հասած էր 24-ի:
Յաջորդող 18-րդ եւ 19-րդ դարերու ընթացքին Ջուղայի բնակչութեան դէմ գործադրուած հալածանքներու եւ կողոպուտներու պատճառով հայութեան թիւը նուազած էր, եւ այդ թաղերը ամբողջութեամբ ամայացած էին, որուն պատճառով տեղւոյն եկեղեցիները եւս փուլ էին եկած եւ աւերուած:
Այս բոլորով հանդերձ (ինչպէս յիշեցինք), այդ օրերուն տակաւին կանգուն էին 13 եկեղեցիներ, ուր կը կատարուէին հերթաբար եկեղեցական արարողութիւններ եւ կը պահպանուէին Եկեղեցեաց վարչութեան վերահսկողութեամբ, աչքի լոյսի պէս:
Ս. Յարութեան տօնին Ս. Ամենափրկիչ վանքին բակը լեցուն էր հազարաւոր հաւատացեալներով: Այդ տարի Նովրուզի` պարսկական նոր տարուան առաջին օրուան արձակուրդները զուգադիպած էին Ս. Զատկի տօնին: Պարսիկ ու եւրոպացի զբօսաշրջիկները եւս հաւաքուած էին այնտեղ: Երբ եկեղեցւոյ զանգերը ղօղանջեցին եւ եկեղեցական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ներկայ հոծ բազմութիւնը ցնծութեան մէջ էր:
Դարեր շարունակ այս վանքը, Նոր Ջուղայի փառքի ու դժբախտութեանց օրերուն, եղած էր բաբախող սիրտը պարսկահայութեան: Որպէս կրօնական ու մշակութային կեդրոնը թեմին, իր առաջնորդներով եւ միաբանութեամբ, կը վայելէր բացառիկ հեղինակութիւն յաչս թէ՛ ողջ հայութեան եւ թէ՛ պետական բարձրագոյն իշխանութեանց: Ժողովուրդը անոր պարիսպներէն ներս ինքզինք ապահով եւ ուրախ կը զգար:
Պարսիկներ դարեր շարունակ լսեր էին վանք բառը եւ ուստի վանքի պողոտան կոչուեր էր Խիաբանէ քելիսա վանք (վանքի պողոտայ): Կը յիշեմ` այդ օրերուն Նազար պողոտայէն դէպի վանքին փողոցը թեքուող ճամբուն սկիզբը, երկաթէ ձողի մը ամրացուած վահանակի մը վրայ այդ անունը կար պարսկերէն լեզուով գրուած: Վերջին տարիներուն քաղաքապետարանը զայն բարձրացուցեր եւ զետեղեր էր նորակառոյց շէնքի պատին, որպէսզի զբօսաշրջիկները դիւրաւ գտնեն վանքին մայր դուռը:
Տօնական օրերէն ետք շուտով ծանօթացայ թեմի կանոնագրութեան, անոր կառոյցին ու զանազան բաժանմունքներու դերակատարութեան: Աւելի քան 40 պաշտօնեաներով ու գործաւորներով կառավարուող այս վանքը, որուն եկեղեցին ու թանգարանը ամէն տարի կ՛ընդունէին հարիւրաւոր-հազարաւոր զբօսաշրջիկներ, իրապէս իր նմանը չունէր Պարսկաստանի մէջ: Կրնանք ըսել` բացառիկ երեւոյթ էր եւ այսօր ալ է սփիւռքի մէջ:
Անթիլիաս
(Շար. 4)
* Մեր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Ն. Ջ. Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի Հանրային կապի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդի գործավար Թովմա Գալստանեանին, որ թեմի առաջնորդ սրբազան հօր եւ Թեմական խորհուրդին արտօնութեամբ, միշտ ընթացք է տուած մեր խնդրանքին` անմիջապէս մեզի ուղարկելով վանքի թանգարանին վերաբերեալ նկարներ եւ մեր յօդուածին համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ: