Դամասկոս. Յակոբ Սարգիսեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Դամասկոսի Պապ Շարքի թաղամասի ենթարկուած հրթիռարձակումի հարուածներուն պատճառով երկուշաբթի օր վնասուած էր նաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց Ճեմարանը: Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ նոյն պահուն վայր փութացած էին Դամասկոսի Շտապ օգնութեան մարմինի անդամներ, ազգայիններ եւ «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի անդամներ, որոնք աջակից հանդիսացան վիրաւորներուն: Անմիջապէս տեղեկատուութիւն հաղորդուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան: Հայաստանի իշխանութիւնները մտահոգուած էին եկեղեցւոյ վիճակով, եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յանձնարարութեամբ դէպքի վայր հասաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, որ նախարարին յայտնեց եկեղեցւոյ վնասուած իրավիճակը: Աւելի ուշ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, քահանայ հայրերուն եւ ներկայ գտնուող ազգայիններուն մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ մէջ աղօթք առաքեց առ Աստուած, որ Ան փրկէ, պահէ եւ պահպանէ Սուրիան, եկեղեցին եւ ժողովուրդը:
Իսկ երեքշաբթի, 27 օգոստոս 2013-ին նոյն հրթիռարձակումի հարուածներուն զոհ գացած հայորդի Յակոբ Սարգիսեանի դիակը «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնէն մեծ թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Դամասկոսի Հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Քահանայ հայրերուն մասնակցութեամբ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարեց Արմաշ եպս. Նալպանտեան: Ապա թաղումը կատարուեցաւ Հայ առաքելական գերեզմանատունը: Եկեղեցւոյ ենթարկուած հրթիռարձակումի հարուածներուն պատճառով վիրաւորներու շարքին էին երկու հայեր` եկեղեցւոյ պահակը` Թորոս Սարգիսեան, որ բուժում ստանալէն ետք վերադարձած է տուն, իսկ Րաֆֆի Ճապուրեան տակաւին հիւանդանոցն է, վիճակը կայուն է եւ վիրահատութենէ ետք կը ստանայ համապատասխան բուժումը: Նշենք, որ Դամասկոսի մէջ տակաւին վիճակը լարուած կը մնայ, ուր որոշ շրջաններու բնակիչները կը դիմագրաւեն հրասանդի հրթիռարձակումի հարուածներու վտանգը: