Անդրադարձ. Լիբանանցիք Վճռած Են Դիմակալել Ապահովական Հին, Բայց Նոր Մարտահրաւէրը

ՍԻԼՎԱ Գ.

Վերջին շաբաթներուն, չըսելու համար վերջին օրերուն, խաղաղութեան ամրապնդումը հիմնական առանցքը կազմած էր լիբանանցիներու խօսակցութեանց, ժողովրդային թէ պետական պատասխանատու մակարդակներուն վրայ: Փաստօրէն, վերջերս կրկնուող ականուած ինքնաշարժներու ռմբահարումը եւ անոնց յաջորդող նորանոր պայթումներու գծով շշուկները մղձաւանջային մթնոլորտ մը ստեղծեցին երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ, բոլոր խաւերուն մօտ անխտիր: Շատեր, յատկապէս երէց լիբանանցիներ, յիշեցին, թէ ինչպէ՛ս նոյն մղձաւանջը ապրած էին քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ բռնկած լիբանանեան պատերազմի ընթացքին:

Անոնցմէ շատեր կը մերժեն այդ պատերազմին լիբանանեան «քաղաքացիական պատերազմ»-ի որակումը տալ, որովհետեւ խորապէս համոզուած են, թէ պատահած ու պատահող արիւնալի այդ դէպքերը արտաքին ծրագիրներու, այսպէս կոչուած «աժանտա»-ներու կիրարկումն են` Լիբանանը փորձադաշտի վերածած իրենց գործակալներով: Արտաքին այդ ուժերուն կիրարկուած «աժանտա»-ն կոյր ու համր է, չի ճանչնար, թէ լիբանանեան ո՛ր կողմն է իր զոհերու թիրախը, համր է անիկա, առանց ժամադրութեան «կը սպրդի» նոյնիսկ ամէնէն անհաւանական թուող վայրի մէջ: Թիրախը` աւելի քան 18 համայնքներէ բաղկացած Լիբանանը վերածել քաոսի, ջրել` անիրաւուածներու ապաստանարան ըլլալու, Լիբանանի համակեցութեան վայր ըլլալուն վարկածը: Փաստօրէն, մօտիկ անցեալի դէպքերը վերյիշելով, վերլուծելով կը նկատենք, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ` թէեւ տարբեր պիտակներով, տարբեր գործիքներով: Արդարեւ, 1975-ին բախումները եւս սկսան արտաքին «բլթակներ»-ով, երբ պաղեստինցիներ փոխադրող նշանաւոր պասը զինարձակումի ենթարկուեցաւ` իբրեւ փոխվրէժ քանի մը ժամ առաջ ահաբեկուած կուսակցական տարրերու… Սակայն օրին, լիբանանեան ժողովրդային, յատկապէս ընկերային-աշխատաւորական խաւը պարարտ ենթահող էր գաղափարական տարակարծութեանց: Փաստօրէն, յունուար 1975-ին Սայտայի մէջ Մաարուֆ Սաատի գլխաւորութեամբ ընկերային-աշխատաւորական պահանջներով ցոյց մը ծայր առած էր եւ որուն զոհ գացած էր նոյնինքն ցոյցի ղեկավար Մաարուֆ Սաատ: Լիբանանեան այս ներքին միջադէպը (որ բնական երեւոյթ է ժողովրդավար բոլոր պետութիւններուն մօտ, ուր աշխատաւորներ իրենց իրաւունքը կը պահանջեն) դժբախտաբար առաւելագոյնս օգտագործուեցաւ շրջանային թէ միջազգային արտաքին կողմերէն: Անոնք իրենց «աժանտա»-ն իրականացնելու համար ոչ մէկ տարբերութիւն դրին շրջաններու միջեւ: Կարեւորը անմիջական, յատկապէս զինեալ հակազդեցութեան մղելն էր տարակարծիք ներքին կողմերը` երկիրը Քաոսի մատնելու եւ զայն կրկին կայունացնելու համար իրենց պայմանները պարտադրելու միտումով: Այս դիտանկիւնէն պէտք է ըմբռնել օրինակ, ամերիկացի դեսպան Ֆրանսիս Միլոյի առեւանգումն ու սպանութիւնը պատերազմի սկզբնաւորութեան: Նմանապէս` յունիս 1978-ին Զղարթայի մէջ Ֆրենժիէ ընտանիքին դէմ կատարուած սպանդը, աւելի ուշ Պաշիր Ժեմայէլը եւ իր հետեւորդները թիրախ դարձուցած ռմբահարումը Փաղանգաւոր կուսակցութեան Էշրեֆիէի կեդրոնին մէջ…

Տակաւին չենք խօսիր հայութիւնը այդ սեւ ծրագիրի քաոսին մէջ մխրճելու փորձերը` այս կամ այն պատրուակի պիտակներով թաղային միջադէպեր հրահրելով… Փաստօրէն, արտաքին, յատկապէս շրջանային որեւէ առանցքային քայլ կամ փոփոխութիւն իր անդրադարձը կ՛ունենար Լիբանանի մէջ: 1978-ին Եգիպտոսի նախկին նախագահ Անուար Սատաթի Երուսաղէմ կատարած պատմական այցելութիւնը իր «գինը կը վճարէր» Լիբանանի մէջ…

Այսօր եւս գաղտնիք մը չէ, թէ լիբանանեան դէպքերը այս կամ այն ձեւով արձագանգ են արտաքին շրջանային դէպքերու: Սակայն կը թուի, թէ լիբանանցիք, ժողովուրդ թէ պետութիւն, վճռած են միակամօրէն դիմակալել ապահովական այս հին, բայց վերանորոգ մարտահրաւէրը: Օրինակ, անցեալ շաբաթավերջին, Ռուէյսի պայթումի շրջանէն հաշմանդամ լիբանանցի մը Թրիփոլի մեկնած էր արիւն տալու լիբանանցի իր «եղբօր»: Նմանապէս, Ռուէյսի (Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ վերջերս պատահած ռմբահարումի վայրը) յատկապէս վնասուած բնակիչներ Թրիփոլիի զոհերուն ցաւակցութեան եւ զօրակցութեան խորհրդանշական ցոյց մը կազմակերպեցին: Պատասխանատու մակարդակի վրայ, ինքնազսպումն ու միջլիբանանեան համերաշխութեան կոչն ու պետական ապահովական կառոյցներուն օգնելու հրամայական առանցքը կազմեցին նախագահ Սլէյմանի, կարտինալ Ռայիի, միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի եւ այլ վարիչներու խօսքերուն: Նոյնիսկ ծայրայեղօրէն իրարու «հակադրուած» թուող երկու ղեկավար դէմքեր` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ինքնազսպումի եւ համերաշխութեան կոչ ուղղեցին` ընդգծելով, որ Հարաւային արուարձաններու Ռուէյսի շրջանի թէ Թրիփոլիի մէջ պայթումներու հեղինակը նոյն ոճրագործ թաթն է, նպատակ ունենալով նոյն թիրախը` Լիբանանի ապահովութիւնը խախտել, կայունութիւնը քաոսով փոխարինել:

Կը մնայ, որ լիբանանցիք գօտեպնդուին անցեալի փորձառութենէն, ուր հակառակ երկպառակիչ բոլոր փորձերուն, հակառակ այս կամ այն «փոքրամասնութիւն»-ներուն խոստացուած «պետութիւն»-ներուն, Լիբանան մնաց կանգուն ու մոխրակոյտերէն վեր բարձրացաւ` շարունակելով քաղաքակրթութեանց օրրանը ըլլալու եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի խօսքերով` համակեցութեան հայրենիքը ըլլալու իր առաքելութիւնը:

Օրերը պիտի գան փաստելու, թէ լիբանանցիք չեն սխալած իրենց հայրենատենչ ընտրանքին մէջ…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )