Հեծելարշաւ. Հայկ Մելիքեան Հանդիսացաւ Առաջին
Կազմակերպութեամբ «Պայք Ճենըրէյշընի» եւ հովանաւորութեամբ ու հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 25 օգոստոսին, Ֆաքրայի շրջանին մէջ տեղի ունեցան հեծելարշաւի ճամբու եւ «Մաութըն-Պայք»-ի մրցումները:
Մեծ տղոց դասակարգին մէջ, «Մաութըն Պայք»-ի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի մաս կազմող Հայկ Մելիքեան բաւական լաւ եւ տպաւորիչ ներկայացում ունենալով եւ տիրապետելով իր մրցակիցներուն վրայ, հանդիսացաւ առաջին:
Մելիքեանի խմբակից Սալահ Ռապպահ հանդիսացաւ երրորդ:
Ինչ կը վերաբերի ճամբու մրցումին, Աթլեթիքօ խումբին մարզիկները գրաւեցին առաջին երեք դիրքերը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանի:
Նշենք, որ ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած ընդհանուր դասաւորման մէջ ՀՄԸՄ-ի մաս կազմող Սալահ Ռապպահ կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Այս տարեշրջանի մրցումները կ՛աւարտին նոյեմբերին: