Արեւմուտքի Կողմէ Սուրիան Հարուածելու Ժամկէտը Վա՞ղն Է. Մոալլեմ. «Համոզուած Չեմ, Որ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Ռազմական Հարուածը Տեղի Պիտի Ունենայ»
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման յաջորդ օրը 2.5 տարուան խզումէ ետք հեռաձայնային «բարեկամական» հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Վերջինս իրմէ խնդրած է ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն արտօնել Ղութա Շարքիյա այցելել, իսկ ինք յայտնած է, որ «ճշմարտութեան բացայայտումը մեր ազգային շահերէն կը բխի, եւ աշխատանք պիտի տանիմ այդ հարցին մէջ սուրիական շահը գործադրելու»:
Ան Արեւմուտքը զգուշացուց` յայտնելով, որ եթէ կ՛ուզեն Սուրիոյ դէմ յարձակում գործել, ապա քիմիական զէնքի օգտագործման պատրուակը անհամ ու անճիշդ է` աւելցնելով, որ «Սուրիա դիւրին պատառ մը չէ, եւ ինքնապաշտպանութեան միջոցներով ուրիշները անակնկալի պիտի մատնենք», սակայն աւելցուց, որ «համոզուած չեմ, որ հարուածը տեղի պիտի ունենայ»:
Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ շրջանին մէջ շարժող որեւէ բան պէտք է ի շահ Իսրայէլի ըլլայ, ուստի այդ յարձակումը Իսրայէլի եւ Քայիտայի առնչուած Ժապհաթ Նուսրայի շահերուն կը ծառայէ` աւելցնելով, որ «եթէ կը կարծեն, որ այդ հարուածը Ղութայի մէջ զինուորական ջանքին վրայ պիտի ազդէ, ապա կը սխալին»:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ արեւմտեան զինուորական միջամտութեան պարագային Ռուսիա պատերազմին պիտի չմիանայ, ապա Մոալլեմ ըսաւ, որ «Ռուսիա Սուրիան չլքեց, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր կեցուածքներուն համար»:
Խօսելով զինուորական հարուածի մը պարագային Սուրիոյ հակադարձութեան մասին` Մոալլեմ ըսաւ, որ «եթէ մեզ հարուածեն, երկու ընտրանք ունինք, կա՛մ անձնատուր կ՛ըլլանք, կա՛մ ալ կարելի բոլոր միջոցներով մենք մեզ կը պաշտպանենք»:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այն կեցուածքին, որ Թուրքիա պիտի մասնակցի Սուրիոյ դէմ զինուորական դաշինքին, ան ըսաւ, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածին պատճառով թրքական հաւասարակշռութեան կորուստը Սուրիոյ հարցով առաւել եւս պիտի խախտի:
Սուրիոյ Շուրջ Մոսկուա–Ուաշինկթըն
Այսօրուան Հանդիպումը Յետաձգուեցաւ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ այսօր Լա Հէյի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի պատրաստութեան շուրջ հանդիպումը Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հակադարձութեան շուրջ ընթացող խորհրդակցութեանց լոյսին տակ յետաձգուած է:
Նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ «մեր ռուս պաշտօնակիցներուն հետ աշխատանք պիտի տանինք ժողովին նոր թուական մը ճշդելու»` աւելցնելով, որ քիմիական զէնքերով յարձակումը սուրիական տագնապին վերջ տալու համար քաղաքական համապարփակ եւ մնայուն լուծումի մը կարիքը ի յայտ բերաւ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ իր երկիրը ցաւ կը զգայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ այսօր նախատեսուած հանդիպումին յետաձգումէն:
Կաթիլով ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման արժէչափեր գտնելու աշխատանքը շատ օգտակար հարց մըն էր», մանաւանդ որ ներկայիս հորիզոնը զինուորական արշաւի ամպերով կուտակուած է:
Ռուսիա Սուրիոյ դէմ որեւէ զինուորական հարուածի աղէտալի հետեւանքներէն զգուշացուց` Ուաշինկթընին կոչ ուղղելով զգուշ ըլլալու եւ Սուրիոյ հարցով միջազգային օրէնքը յարգելու: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Լա Հէյի հանդիպումը յետաձգելու Ուաշինկթընի քայլը սուրիական ընդդիմութիւնը կը քաջալերէ զիջումներ չկատարելու` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն դուրս զինուորական միջամտութեան պատրուակներ գտնելու փորձերը կրնան աղէտի առաջնորդել:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս նախատեսուած քսաններու վեհաժողովին ընթացքին, սակայն Փութինի օգնական Քասինիա Եուտայեւա բացառեց Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած այդ վեհաժողովին ընթացքին սուրիական թղթածրարի քննարկումը: «Այդ հարցը քսաններու ժողովին ընթացքին արծարծելու օգուտը չեմ տեսներ», ըսաւ ան:
Տաւութօղլու Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Մէջ
«Մարդկութեան Դէմ Ոճիր»-ին Համար
Պատժամիջոցներ Հաստատելու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան վերաբերեալ միացեալ կեցուածք որդեգրելու եւ Ղութա Շարքիյայի մէջ «Մարդկութեան դէմ ոճիր»-ին համար պատժամիջոցներ հաստատելու: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ «մեր բանակէն եւ կառավարութենէն պահանջեցինք Սուրիայէն եկած ապահովական վտանգներուն դէմ անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրել»` աւելցնելով, որ «եթէ այլ միջոցառումներուն անհրաժեշտութիւնը ըլլայ, ապա թրքական խորհրդարանին պիտի դիմենք»:
Միջազգային Կեցուածքներ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի փոխբանբեր Ճեֆրի Ֆելթմանին յայտնած է, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական միջոցներու օգտագործումը շրջանին մէջ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ «Իսրայէլ Սուրիոյ տագնապին մասնակից չէ, սակայն ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ իր հողերուն դէմ կատարուած որեւէ յարձակումի»` նշելով, որ «Իսրայէլ բոլոր դիպաշարերուն պատրաստ է»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Տանի Տանոն յայտնեց, որ «Իսրայէլ սուրիական տագնապին պիտի չմիջամտէ, սակայն գիտէ ինքզինք եւ իր շահերը ինչպէս պաշտպանել եւ յարձակումի ենթարկուելու պարագային պիտի հակադարձէ»:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայէն ղեկավար աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ արեւմտեան որեւէ միջամտութիւն ի վերջոյ շրջանային պատերազմի պիտի առաջնորդէ:
Անոնք յայտնեցին, որ այդ քայլը Քայիտայի աջակցութիւն եւ յաղթանակի պարգեւում պիտի նշանակէ, եւ անոնք կարողութիւնը պիտի ունենան Լիբանանի մէջ եւս աւերներ գործելու, բան մը, որ Իրան եւ Հըզպալլա բացարձակապէս պիտի չարտօնեն, նոյնիսկ եթէ հարցը շրջանային պատերազմի առաջնորդէ եւ «սեղանը բոլորին գլխուն շրջուի»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը կոչ ուղղեց Սուրիոյ դէմ միջազգային վճռորոշ եւ լուրջ կեցուածք որդեգրելու: Ան աւելցուց, որ «սուրիական վարչակարգը իր արաբական ինքնութիւնը կորսնցուցած է»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի յայտնեց, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ այն կեցուածքին, թէ Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծում մը գոյութիւն չունի: Ֆահմի դատապարտեց Սուրիոյ մէջ «քիմիական զէնքի օգտագործումը, ով որ ալ ըլլայ զայն օգտագործողը»` կոչ ուղղելով այս հարցով հետաքննութեան արդիւնքին սպասելու:
Արաբական լիկան դատապարտեց Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը եւ անոր համար ամբողջական պատասխանատու նկատեց Սուրիոյ կառավարութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը չի կրնար անպատիժ մնալ:
Զինուորական Պատրաստութիւններ
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց, որ ամերիկեան բանակը պատրաստ է անմիջապէս գործի լծուելու, եթէ Օպամա Սուրիան հարուածել հրամայէ: Ռուսական զինուորական աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արեւմտեան զինուորական որեւէ միջամտութիւն դիւրին յաղթանակ մը պիտի չըլլայ, որովհետեւ Սուրիա յարձակումները ետ մղելու բաւարար հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ունի:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արեւմտեան ուժերը սուրիական ընդդիմութեան յայտնած են, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Սուրիոյ հարուած մը ուղղել կը նախատեսեն: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը արեւմտեան ուժերուն Սուրիոյ մէջ թիրախներու ցանկ մը փոխանցած է: Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ արեւմտեան ուժերը ընդդիմադիր ուժերուն յորդորած են հակառակ մօտալուտ զինուորական հարուածին «Ժընեւ-2»-ին պատրաստուիլ:
Փենթակոնէն պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ ափերուն մօտ գտնուող ամերիկեան նաւատորմիղի 4 մարտանաւերը որեւէ հրաման ստանալու պարագային քանի մը ժամէն Սուրիան հարուածելու կազմ ու պատրաստ են եւ անոնք այդ մէկը կատարելու համար յարմար դիրքեր գրաւած են:
Նշենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն բրիտանական խորհրդարանը հրաւիրեց հինգշաբթի օր արտակարգ նիստի մը` քննարկելու համար Սուրիոյ հարցը: Ամերիկեան աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հաւանական նկատեցին, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածները սկսին հինգշաբթի օր:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ Օպամա Սուրիան հարուածելու որոշումը պիտի տայ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին: Ուաշինկթընի մէջ պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը կը հաղորդէ, որ հարուածը «խորհրդանշական» պիտի ըլլայ եւ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ պիտի չազդէ, որովհետեւ վարչակարգը տապալելու նպատակ գոյութիւն չունի: «Հիմնական գաղափարը այն է, որ յարձակումը պիտի ըլլայ պատգամ մը եւ ոչ աւելին», նշեց լրագրողը: Յարձակումը պիտի գործուի շրջանային ջուրերուն եւ օդային տարածքներուն դուրսէն` «Թոմահոք» տիպի հրթիռներով:
Ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքով յարձակումին հակադարձելուն մէջ իր պարտաւորութիւններէն պիտի չհրաժարի:
Արեւմտեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «զինուորական հակադարձութեան որոշումը տրուած է, եւ այժմ քննարկումները կը վերաբերին անոր տարողութեան, ժամկէտին, վերջնական նպատակին եւ թէ անկէ ետք քաղաքական ուղղութիւն մը պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ միայն զինուորական ուղղութիւն մը:
Իսրայէլեան ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան լոյսին տակ Հայֆայի մէջ «Փաթրիոթ» տիպի հակահրթիռային համակարգեր զետեղած է:


