Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ ինք աւելի աշխուժ կերպով սկսած է հետապնդել կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները` օգտուելով երկրին մէջ տիրող միասնականութեան մթնոլորտէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլին թիրախ դարձուցած պայթումներուն շրջագիծին մէջ ձերբակալուած իսլամ հոգեւորական շէյխ Ահմետ Ղարիպ խոստովանած է, թէ ինք նախապէս տեղեակ էր Թրիփոլիի մէջ պատահելիք այս պայթումներէն. ան աւելցուց, որ Սուրիան պատասխանատու է այդ պայթումներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ Լիբանանի կառավարութեան մաս կազմէ կուսակցութիւն մը, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն ցանկին վրայ կը դասուի:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Թրիփոլիի Մալլուլէի հրապարակին վրայ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան բանակին եւ զինեալներու միջեւ, երբ վերջիններս յարձակում մը գործեցին բանակին պատկանող զօրանոցին վրայ: Արձանագրուեցան հինգ վիրաւորներ:

ԲԱՆԱԿԻ գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնութեան համաձայն, Պիր Ապըտի, Ռուէյսի եւ Թրիփոլիի պայթումները գործողները նոյն կողմն են:

ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ այս հանգրուանին հազիւ «երեք 8»-ի տարազի հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու հաւանականութիւն կը գտնէ: Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ ան անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պարփակող կառավարութեան մը կազմութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի դրուատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի յայտարարութիւնները` աւելցնելով, որ Հըզպալլա տակաւին կառչած կը մնայ իր կեցուածքներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը ապուշ չէ, որ քիմիական զէնքեր գործածէ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական կողմերուն ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերելու «Պաապտայի յայտարարութեան»:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու վարած քաղաքականութիւնը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է քննարկումներ կատարեն` երկիրը դաւադրութիւններէ փրկելու եւ պաշտպանելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող շարք մը հարցեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ ինք սուրիական վարչակարգը եւ Սըմահա-Մամլուք ծրագիրը պատասխանատու կը նկատէ Լիբանանի մէջ գործուած պայթումներուն: Հապիպ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը չէ նախատեսուած` Հըզպալլայի ցուցաբերած ընդդիմութեան պատճառով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհի շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն Հարաւային արուարձաններուն եւ Թրիփոլիի մէջ անձնական ապահովութիւն պարտադրել` աւելցնելով, որ սուրիական վարչակարգը կ՛ուղղուի դէպի քայքայում:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ զիրենք թիրախ դարձնող կողմերը յստակ են. ան աւելցուց, որ միայն լիբանանեան պետութիւնն է, որ կ՛իշխէ իրենց:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )