Շարպել. «Ապահովութեան Ուժերը Պիտի Ճշդեն Առեւանգեալ Թուրք Օդաչուներուն Թաքստոցը Եւ Զանոնք Ուժի Օգտագործումով Ազատ Պիտի Արձակեն»

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը նախապէս ազատ պիտի արձակէին Պէյրութի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուները, սակայն առեւանգող կողմերը իրենց թաքստոցը փոփոխութեան ենթարկած էին:

Շարպել ընդգծեց սակայն, որ ապահովութեան ուժերը պիտի ճշդեն թուրք օդաչուներուն թաքստոցը եւ զանոնք ուժի օգտագործումով ազատ պիտի արձակեն` յանձնառու մնալով անոնց ապահովութեան:

Շարպել յայտնեց, որ իրեն հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, առեւանգուած թուրք քաղաքացիները առողջական լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին` աւելցնելով, որ թուրք օդաչուներուն թղթածրարը երբեք առնչուած չէ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին:

Լիբանանի ապահովական իրավիճակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շարպել շեշտեց, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած ապահովական դժուար հանգրուանին, կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու կարելիութիւն կայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )