Մանսուր. «Լիբանան Ձեռնածալ Պիտի Չմնայ, Եթէ Իսրայէլ Հըզպալլայիհետ Ճակատ Բանայ»
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմի սանձազերծումին պարագային շրջանը պիտի ազդուի անոր հետեւանքներէն:
Մանսուր շեշտեց, որ ինք չի պատկերացնէր, թէ այս քայլը կը ծառայէ շրջանային ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան:
«Պէտք է նշել նաեւ, որ Լիբանան ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ Իսրայէլ փորձէ շահագործել Սուրիոյ դէմ բռնարարքները` հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ ճակատ մը բանալով», հաստատեց Մանսուր:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան ունի բանակ եւ Դիմադրութիւն, որոնք կը պաշտպանեն զինք, ինչպէս նաեւ Լիբանան ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի:
CATEGORIES Լիբանանեան