Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Արաբական Երկիրներու Դեսպանները
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբական երկիրներու դեսպանները, որոնցմէ բացակայեցան Սէուտական Արաբիոյ, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Մարոքի դեսպանները:
Հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ներկայացուց մարոնի եկեղեցւոյ կեցուածքները` Լիբանանի եւ շրջանին նկատմամբ:
Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան երկիր ըլլալու իրականութիւնը` շեշտելով, որ այդպիսով Լիբանան պատգամ երկիր դարձած է:
Միւս կողմէ, մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս անդրադարձաւ քրիստոնեայ շրջանները պայթումի թիրախ դարձնելու մտահոգութեան` նշելով, որ Լիբանանի մէջ բոլորը ենթակայ են վտանգի:
CATEGORIES Լիբանանեան

