Պըրրի. «Սատըրի Նուիրուած Ձեռնարկը Յետաձգուած Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Նապաթիէի մէջ տեղի ունենալիք իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 35-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը ապահովական պատճառներով յետաձգուած է` պահպանելու համար ձեռնարկին ներկայ գտնուելիք քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:
Այդ առիթով Պըրրիի արտասանելիք խօսքը պիտի պատկերասփռուի շաբաթ օր: Կը նախատեսուի, որ այդ խօսքը վերաբերի Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման մասին Լիպիոյ մէջ բացուած հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակին:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ալպեր Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


