Միքաթի Տակաւին Չէ Որոշած Քարիւղի Հանքերու Պեղման Յատուկ Կառավարութեան Նիստ Մը Գումարել

Բանտերուն վիճակին վերաբերող նիստէն պահ մը

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց լիբանանեան բանտերուն բարեփոխման յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուի եւ պետական նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին:

Նիստէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ Ռումիէի բանտին հարցերը բոլորին ծանօթ են, սակայն նպատակը այդ հարցերուն մէջ խորանալը չէ, այլ` բանտին շինութեան նպատակով տրամադրուած գումարներու վերստուգումը եւ համապատասխան աշխատանք պահանջելը, որպէսզի արգելափակեալներուն ապահովուի մարդկային տարրական կեցութիւն:

Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Մայլզ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Քասեմ Հաշեմ եւ Ալեն Աուն:

Պատասխանելով կառավարութեան կողմէ քարիւղի հանքերու պեղման յատուկ նիստ մը գումարելու մասին հարցումի մը` Միքաթի յայտնեց, որ ինք տակաւին յստակ որոշում մը չէ տուած այդ մասին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )