Զօր. Աուն. «Լիբանանի Քարիւղի Հանքերուն Պեղումը Արգելակող Կողմերը Լիբանանի Դէմ Նիւթուող Դաւադրութեան Մեղսակից Են »

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ չ՛ուզեր, որ այս հանգրուանին Լիբանան կարենայ քարիւղ եւ բնական կազ արտադրել, որպէսզի ինք տիրէ այդ շուկային:

«Իսկ ոմանք ուժանիւթի նախարարին միտքերը չեն հաւնիր, հետեւաբար կը խոչընդոտեն անոր աշխատանքը, որ իր կարգին Լիբանանի աշխատանքի արգելակում է», ըսաւ զօր. Աուն:

Անդրադառնալով Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն հարցին` զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք առաջին օրէն իսկ զգուշացուցած են սուրիացիներուն Լիբանան մուտքին գծով եւ պահանջած անոնց մասին պաշտօնական վիճակագրութիւն մը պահել:

«Սակայն կառավարութիւնը ապօրինի կերպով գործեց, մինչեւ որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասաւ մէկ միլիոն երկու հարիւր հազարի», ըսաւ զօր. Աուն:

Երկրին ապահովական խախտումներուն մասին խօսելով զօր. Աուն շեշտեց, որ եթէ ներքին լիբանանեան առումով ապահովական խախտումներուն մեղսակից ուժեր չըլլան, ապահովական կառոյցները կրնան երկրին կայունութիւնը հակակշիռի տակ առնել:

«Այնքան ատեն որ զինեալները պաշտպանող միջավայրեր կան, կարելի չէ երկրին ապահովութիւնը պահպանել», յայտնեց ան:

Ահմետ Ասիրի սպրդեցուցած վերջին ձայնագրութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքը զգուշացնելու անոր յայտարարութեան ակնարկելով` զօր. Աուն նշեց, որ քրիստոնեաները միւս քաղաքացիներէն աւելի լաւ չեն եւ կրնան վնասուիլ, որովհետեւ դաւադրութիւնները կը սպառնան անոնց:

Ակնարկելով Սուրիոյ դէմ հաւանական զինուորական հարուածին` զօր. Աուն ըսաւ, որ եթէ Սուրիա հարուած ստանայ, ապա Լիբանանի մէջ հակազդեցութիւնները շատ ուժգին պիտի ըլլան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )