Հանրապետական Կուսակցութիւնը Քննարկումներ Կը Կատարէ Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Շուրջ

Դաւիթ Յարութիւնեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի անդամ Դաւիթ Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները քննարկումներու սկսան երկրի սահմանադրութեան փոփոխութեան շուրջ, եւ չի բացառուիր, որ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք Հանրապետական կուսակցութիւնը որոշում տայ` առաջարկելու անցում կատարել խորհրդարանական հանրապետութեան:

Յարութիւնեան յայտնեց, որ քննարկումները բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կ՛ընթանան եւ այդ տեսանկիւնէն կան տարբեր կարծիքներ, որ ժամանակն է անդրադառնալու սահմանադրութեան եւ կատարելու որոշակի փոփոխութիւններ: «Կան որոշակի վտանգներ, զորս մենք կը տեսնենք: Կրնամ ըսել, որ որոշում տուողներուն մօտ արդէն ձեւաւորուած է այն կարծիքը, որ պէտք է սահմանադրութեան անդրադարձ կատարել»:

Հանրապետականի գործադիր մարմինի անդամը նշեց, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելու հարցը վստահաբար քննարկման առարկայ պիտի դառնայ, բայց աւելցուց, որ ատիկա միակ հարցը չէ, որ քննարկման առարկայ պիտի դառնայ:

Յարութիւնեան մանրամասնեց, որ պէտք է հարցին այլ տեսանկիւնէ նաեւ նայիլ, թէ ո՞ր տարբերակը աւելի արդիւնաւէտ է Հայաստանի համար ստեղծուած իրավիճակին մէջ թէ՛ աշխարհաքաղաքական, թէ՛ ներքին քաղաքական առումով: Ըստ անոր, ճիշդ այդ տեսանկիւնէն մեկնած պէտք է ըլլան տարբեր կարծիքներու բախումներ, տարբեր մօտեցումներ, եւ անոր իբրեւ արդիւնք հաւանական է, որ ձեւաւորուի հայեցակարգը:

Ան չբացառեց, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելու պարագային յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հանրապետականի համամասնական ցանկը կրնայ գլխաւորել ներկայիս նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Հանրապետական կուսակցութեան յաղթանակի պարագային Սարգսեան պիտի ընտրուի վարչապետ` արդէն այդ կարգավիճակով գլխաւորելով Հայաստանը:

Դաւիթ Յարութիւնեան յայտնեց, որ քննարկումները պիտի տեւեն քանի մը ամիս` մինչեւ որոշակի հայեցակարգի ձեւաւորումը, ինչ որ «Ամանորէն առաջ տեղի պիտի չունենայ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )