Արցախ Այցելած Ռուս Լրագրողները Պիտի Լրացնեն Ազրպէյճանական «Սեւ Ցուցակ»-ը

Հայաստան ժամանած խումբ մը ռուս լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ այս օրերուն այցելեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ հանդիպում ունեցան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Մոսկուայի հայ-ռուսական համագործակցութեան կազմակերպութեան պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են «ՌԵՆ Թի. Վի.» պատկերասփիւռի հաղորդավար Աննա Չափման, Ռուսիոյ հանրային պալատի անդամ Տենիս Տվորնիքով, փաստաբան Սերկէյ Կարնաուխով եւ «Տէյրի Նիուզ» գործակալութեան թղթակից Ալեքսանտր Ռիժքով:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլայեւ այդ առնչութեամբ յայտարարեց, որ եթէ անոնց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեան փաստը հաստատուի, ապա Ռուսիոյ պատուիրակութեան անդամները կը յայտնուին Ազրպէյճանի համար «անցանկալի անձեր»-ու ցուցակին վրայ:

Վերջերս Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց «առանց Պաքուի պաշտօնական թոյլատրութեան» Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելած եւ Ազրպէյճանի մէջ «անցանկալի անձեր» յայտարարուած անձերու ցուցակը, որուն մէջ նշուած են 335 անձնաւորութիւններ, անոնց շարքին` աշխարհահռչակ երգիչներ, գեղանկարիչներ, լրագրողներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )