Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 20-ամեակի Նշում` Եռաբլուրի Մէջ

Լուսանկարը` ԱՐՄԷՆ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆի

27 օգոստոսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ, լիբանանահայ Մհեր Ջուլհաճեանի ընկերներն ու հարազատները Եռաբլուրի մէջ  յարգանքի տուրք մատուցեցին 23 օգոստոս 1993-ին Մարտունիի շրջանին մէջ զոհուած ազատամարտիկի շիրիմին առջեւ: Մհերի նահատակութեան 20-ամեակին առիթով 5 երիտասարդներ Մհերի շիրիմին վրայ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն:

«Մհերի գործը կիսատ է, մենք պարտաւոր ենք այդ գործը շարունակել, որպէսզի ստեղծենք այդ ակնկալուած, այդ պատկերացուած, անոնց երազը եղած հայրենիքը», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` հաստատելով, որ ներկայի խաղաղութիւնը հիմնուած է շնորհիւ Մհերի ու անոր նմաններու թափած արեան:

«Երկիր Մետիա»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մհերի հայրը` Արամ Ջուլհաճեան ըսած է. «Բոլորս կը սիրէինք զինք. դպրոց յաճախած տարիներուն գիրք չէր բանար, բայց միշտ առաջինն էր դասարանին, շատ աշխուժ, շատ խելացի տղայ էր, հայրենիքի սիրով տոգորուած: Օր մը ըսաւ, թէ որոշած է հայրենիք երթալ, թէեւ չէի գիտեր ինչ նպատակ ունէր, սակայն չզարմացայ իր այս որոշումին համար»:

Share this Article
CATEGORIES