ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութիւնը Կը Բողոքէ Համալսարաններու Կրթաթոշակներու Բարձրացման Դէմ

ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը կը նախաձեռնէ բողոքի երթ` համալսարաններու կրթաթոշակներու բարձրացման դէմ:

ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը բազմիցս բարձրաձայնած է համալսարաններուն մէջ ներկայ խնդիրները, երիտասարդութեան բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ հիմնախնդիրներու արդիւնաւէտ լուծման միտուած հեռանկարային քաղաքականութեան եւ անկէ բխող համալիր ծրագիրի բացակայութեան մասին, որուն հետեւանքներէն մէկն է համալսարաններուն մէջ կրթաթոշակներու բարձրացման որոշումը:

Միութեան անդամները շեշտեցին, որ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը` իբրեւ հայ ուսանողներու շահերու պաշտպան, չի կրնար համակերպիլ այդ որոշումին հետ: «Մենք կը նախաձեռնենք բողոքի երթ` Հայաստանի գործադիր իշխանութեան ուշադրութիւնը վերոնշեալ խնդիրներուն վրայ հրաւիրելով եւ պահանջելով չեղեալ նկատել կրթաթոշակներու բարձրացման որոշումը», յայտնեցին ուսանողները:

ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ուսանողութեան միասին ոտքի ելլելու` իրաւունքներու պաշտպանութեան համար եւ վճռական բողոքի ձայն բարձրացնել, այս եւ իւրաքանչիւր այլ անարդար որոշումի դէմ:

Երթը տեղի պիտի ունենայ 2 սեպտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES