Լիբանանի Ռելիի 36-րդ Ախոյեանութիւն. Հինգշաբթի, 29 Օգոստոսին Մամլոյ Ասուլիս` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Կեդրոնատեղիին Մէջ
Ինչպէս ծանօթ է, 5-8 սեպտեմբերին, հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ռելիի 36-րդ ախոյեանութիւնը, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 853,99 քմ:
Այս ուղղութեամբ յատուկ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` հինգշաբթի, 29 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին:
CATEGORIES Մարզական