Լեռնային Վազքի Մրցում` Եանթայի Մէջ
Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով` Պեքաայի Եանթա գիւղին քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր լեռնային վազքի մրցում մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 25 օգոստոսին` հովանաւորութեամբ Պէյրութի Միջազգային մարաթոնի միութեան:
10 քմ երկարութիւն ունեցող վազքի այս մրցումին մասնակցեցան 750 երկսեռ մարզիկներ` շրջանի մարզական միութիւններէ եւ ակումբներէ անդամներ, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան բանակէն զինուորներ:
Վազքի մրցումը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին` լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք:
Մարզիկները խանդավառօրէն վազեցին լեռներէն` ուղղուելով դէպի Ժապալ Շէյխ լեռը:
ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան, որ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով մասնակցեցաւ վազքի այս մրցումին. իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց երկրորդ դիրքը` արձանագրելով 53 վայրկեան արդիւնք մը:
Աւարտին, շրջանի զինուորական պատասխանատու Նեպիլ Մասրիի ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը որմէ ետք` հիւրասիրութիւն:


