Հինգշաբթի, 29 Օգոստոսին. Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւնը Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը
Իր հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ Պէյրութի Մարաթոնի միութիւնը նշեց, որ հինգշաբթի, 29 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ 10 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Պէյրութի դրամատուն – Պէյրութի 2013-ի մարաթոնին կայացումը:
Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Համրայի մէջ գտնուող Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան շրջափակին մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ, Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլ յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի:
Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դրամատան տնօրէն Մարիան Հուայեք:
Խալիլ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց տարուած աշխատանքները` մարաթոնի կազմակերպական աշխատանքներուն վերաբերեալ` յոյս յայտնելով Սալամէի, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան գլխաւոր հովանաւորութիւնը վայելող այս մարաթոնը պսակուի մեծ յաջողութեամբ:
Աւարտին, Սալամէ շնորհակալութիւն յայտնեց Խալիլի` կատարուած այս այցելութեան համար: