Ժիւտօ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Դաւթեան Պարտուեցաւ

Ինչպէս ծանօթ է, Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի կ՛ունենայ ժիւտոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն երկու հայ մարզիկներ` Յովհաննէս Դաւթեան (60 քկ) եւ Արմէն Նազարեան (66 քկ):

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 60 քկ դասակարգին մէջ Յովհաննէս Դաւթեան պարտութիւն մը կրեց իր ազրպէյճանցի մրցակից Իլկար Մուշքիեւէն:

Ինչ կը վերաբերի Արմէն Նազարեանին, ան մրցասպարէզ դուրս պիտի գայ` իր դէմ ունենալով Ճօ Մահիթը (Քանուատու):

Ախոյեանութիւնը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 1 սեպտեմբեր, տիտղոսակիրին պիտի պարգեւէ 300 հազար ամերիկեան տոլար, կ՛եզրափակէ հայկական աղբիւրը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )