«ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԷԱՊԷՍ ՏԱՐԲԵՐԻԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԱՍՓՐՉԻՔ
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, որ երկար տարիներէ ի վեր անմիջական կերպով կը մասնակցի ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն, լեհական «Նովա Եուրոփա Վշոտնիա» օրաթերթի 3 ապրիլի թիւին մէջ յայտնած է, որ կողմերը այսօր աւելի մօտ են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման քան տասը տարի առաջ: Ան ըսած է, որ այսօր կողմերուն համար արդէն յայտնի է, թէ ինչ բան անկարելի է, ուստի գործը հասած է դիրքորոշումներու մերձեցման:
Քասփրչիք նշած է, որ այս տարիներուն ընթացքին մերժուած են կողմերուն կատարուած բոլոր առաջարկները, որոնց շարքին` Լեռնային Ղարաբաղը լայն ինքնավարութեամբ Ազրպէյճանի կազմին մէջ ձգելու, Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանէն անջատելու, ընդհանուր պետութեան, տարածքներու փոխանակման առաջարկները:
Ըստ անոր, ներկայիս նախ եւ առաջ պէտք է նուազեցնել պատերազմի սպառնալիքը: «Այս տագնապը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն համար ռումբի պէս բան մըն է, որ պիտի պայթի, եթէ անոնք սխալ քայլ առնեն: Անոնք կրնան զրկուիլ իրենց պաշտօններէն, հետեւաբար` պէտք է զգուշ ըլլան: Եւ ակնյայտ է, որ նախագահները կարելի եղածին չափ կը փորձեն խորհիլ: Ազրպէյճանը շահաւէտ դիրքի վրայ է, որովհետեւ կազ եւ քարիւղ ունի, որմէ մեծ շահեր կը ստանայ: Անոր զինուորական ծախսերը աւելի մեծ են, քան Հայաստանի ամբողջ պիւտճէն: Իրենց կարգին, հայերը նշանակալիօրէն աւելի լաւ դիրքերու վրայ են` լեռներու մէջ, մինչդեռ ազրպէյճանցիները` դաշտերու մէջ», ըսած է Քասփրչիք:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ մինչեւ այսօր ի՞նչ բանի կարելի եղած է հասնիլ, Քասփրչիք ըսած է. «2004-էն ի վեր մենք կը շարժինք համաձայնագիրի ընդհանուր ծիր մշակելու ուղղութեամբ եւ այդ հարցին մէջ շատ բան ձեռք բերուած է: Փոխհամաձայնեցուած առաջարկներու մասին հրապարակաւ յայտարարած են Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները: Անոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տարածքներու ազատման` բացառութեամբ Լաչինի միջանցքին, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը կապէ Հայաստանին, գաղթականներու վերադարձը ազատագրուած տարածքներ, ինչպէս նաեւ երաշխիքներու տրամադրում այն երկիրներուն կողմէ, որոնք ի վիճակի են զանոնք տրամադրելու, այսինքն` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն կողմէն: Ատկէ ետք, մինչեւ վերջնական համաձայնագիրի ստորագրումը, որ կրնայ տեղի ունենալ այդ տարածքին մէջ հանրաքուէ կատարելէն ետք, գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակին հարցը: Յատուկ կարգավիճակը չի կրնար էապէս տարբեր ըլլալ այն կարգավիճակէն, զոր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ունի այսօր: Այդ ժամանակ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ միջանկեալ այդ կազմաւորման միջազգային ճանաչումը: Շրջագծային համաձայնագիրի որդեգրումէն ետք պիտի սկսին քննարկումները մանրամասնութիւններուն շուրջ»:
Քասփրչիք նշած է, որ տակաւին շատ չյստակացած հարցեր կան, օրինակ` այն մէկը, թէ ի՛նչ լայնք պէտք է ունենայ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքը կամ ո՛վ պէտք է վերահսկէ զայն` մինչեւ համաձայնագիրի ստորագրումը: «Խնդիր է նաեւ հանրաքուէի հարցը, ուր հայերը նկատի կ՛ունենան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան 1989-ի մարդահամարի արդիւնքները` պարզ քուէարկութեան միջոցով, երբ հայերու թիւը այդտեղ երեք անգամ մեծ էր ազրպէյճանցիներուն թիւէն: Պաքուն, իր կարգին, կը վկայակոչէ սեփական սահմանադրութիւնը, որ կ՛ենթադրէ հանրաքուէի կայացումը ամբողջ Ազրպէյճանի տարածքին: Ուստի հանրաքուէի ճշգրիտ ժամկէտին մասին տակաւին չի խօսուիր», ըսած է ան: