ԷՐՏՈՂԱՆ ՉԻ ՎՍՏԱՀԻՐ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ազրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պիտի չվերականգնուին, այնքան ատեն որ ղարաբաղեան տագնապը չէ լուծուած»:

«Եթէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները չկարգաւորուին, ղարաբաղեան տագնապը չլուծուի, մեր յարաբերութիւններն ալ պիտի չկարգաւորուին: Բնականաբար, որոշումը պէտք է կայացնեն Ազրպէյճանն ու Հայաստանը», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը մինչեւ այսօր չէ կրցած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար որեւէ բանի ձեռնարկել: «Մինսքի խմբակը շուրջ քսան տարիէ ի վեր կը գործէ, եւ ի՞նչ արդիւնքներու հասած է: Ո՛չ մէկ: Հետաքրքրական է, Մինսքի խմբակը ի՞նչ բանի կրնայ հասնիլ, եթէ քսան տարուան մէջ ոչինչ ըրած է», հարց տուած է Էրտողան:

Share this Article
CATEGORIES