ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ԿԻՊՐՈՍԸ ԵԱՀԿ-Ի ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ՎԵԹՕ ԿԸ ԿԻՐԱՐԿԵՆ
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը գրէ, որ Հայաստան եւ Կիպրոս յայտարարած են, որ վեթօ պիտի կիրարկեն ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարուղարի պաշտօնին առաջադրուած թուրք դիւանագէտ Էրսին Էրչինի թեկնածութեան դէմ: Թուրքիան ալ իր կարգին յայտարարած է, որ վեթօ պիտի կիրարկէ այդ պաշտօնին առաջադրուած Աւստրիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ուրսուլա Փլասնիքի թեկնածութեան դէմ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բացատրած է, որ Փլասնիք ժամանակին հակաթրքական յայտարարութիւններ կատարած է: «Բացառուած է, որ մենք թեր քուէարկենք մէկու մը, որ կասկածի տակ կը դնէ Թուրքիոյ եւրոպական ինքնութիւնը», ըսած է ան: Թուրքիոյ այդ վարքագիծը յառաջացուցած է Վիեննայի դժգոհութիւնը: Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Շփինտելեկըր այս հարցով քանի մը անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Տաւութօղլուի հետ եւ զգուշացուցած, որ Վիեննան Անգարայի այս դիրքորոշումը կ՛ընկալէ իբրեւ Աւստրիոյ դէմ ուղղուած քայլ: Թրքական կողմը կը պնդէ, որ Անգարայի կողմէ կիրարկուելիք վեթոն ուղղուած չէ Աւստրիոյ, այլ` Փլասնիքի դէմ, որ բազմաթիւ անգամներ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դէմ յայտարարութիւններ կատարած է: Անգարա նաեւ նշած է, որ եթէ Աւստրիան նոր թեկնածու մը առաջադրէ, բացառուած չէ, որ թրքական կողմը անոր աջակցի:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը իր կարգին կը յայտնէ, որ Հայաստանն ու Կիպրոսը ԵԱՀԿ-ի մէջ հակաթուրք դաշինք ստեղծած են եւ կը պատրաստուին վեթոյի ենթարկել ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին առաջարկուած թուրք դիւանագէտին թեկնածութիւնը: «56 անդամ ունեցող այդ կազմակերպութեան մէջ Թուրքիոյ մեծագոյն աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Ռուսիան: Բացի ատկէ, Յունաստանի վարչապետ Կէորկիոս Փափանտրէու նոյնպէս խոստացած է աջակցիլ Թուրքիոյ` ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին առաջադրած թեկնածուին», կը գրէ «Սապահ»:
Թրքական «Հապերթուրք» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ կը պատրաստուի նամակով մը դիմելու Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին` թուրք թեկնածուի հարցին մէջ աջակցութիւն ստանալու համար: Սակայն հայկական կողմը Անգարային յստակ հասկցուցած է, որ Երեւան պիտի չաջակցի Թուրքիոյ թեկնածուին:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ-ի ներկայ ընդհանուր քարտուղար Մարք Փերեն տէ Պրիշամպոյի պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 30 յունիսին: