ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ԵՈՎԱՆՈՎԻՉԻՆ

Հրաժեշտի հանդիպումէն պահ մը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչը` Հայաստանի մէջ վերջինիս դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:

Էդուարդ Նալբանդեան բարձր գնահատեց դեսպան Եովանովիչի անձնական աւանդը Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

«Ուաշինկթըն կատարած իմ վերջին այցելութեանս ընթացքին նշուեցաւ, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու մակարդակը որակապէս բարձրացած է: Եւ մեծ է ձեր ներդրումը այդ գործին մէջ», նշեց նախարար Նալբանդեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ խօսքերուն համար` դեսպան Եովանովիչ նշեց, որ իրեն համար հաճելի էր աշխատիլ Հայաստանի մէջ եւ իր աշխատանքին ընթացքին ցուցաբերուած աջակցութեան եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ շարք մը շրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ:

Նախարար Նալբանդեան դեսպան Եովանովիչին մաղթեց հետագայ յաջողութիւններ դիւանագիտական իր գործունէութեան մէջ եւ զայն պարգեւատրեց արտաքին գործոց նախարարութեան յուշամետալով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES