«ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՌՈՒՍԻԱՆ ՊԻՏԻ ՄԻՋԱՄՏԷ ՅՕԳՈՒՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Կ՛ԸՍԷ ՌՈՒՍ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԶՕՐԱՎԱՐ ՄԸ

«Եուրէյժանեթ» կայքէջի յօդուածագիր Ճաշուա Քուսերա կը գրէ, որ ռուս բարձրաստիճան զօրավարներէն Անտրէյ Թրեթիաք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական գործողութիւններու վերահսկողութեան գրասենեակի պետն է, զինուորական մասնագէտներու հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ արձանագրուելիք հաւանական զարգացումները եւ Ռուսիոյ ծրագիրները: Ըստ յօդուածագիրին, բաւական իրատեսական կը թուի, որ Ղարաբաղի մէջ պատերազմի պարագային Ռուսիան միջամտէ յօգուտ Հայաստանի:

Ռուս զօրավարը տարակարծիք գտնուած է քննարկումի մասնակիցներէն մէկուն այն տեսակէտին, թէ Հայաստանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները կը ժանգոտին, եւ յստակ յայտարարած է, որ Ռուսիա պիտի կատարէ Հայաստանի նկատմամբ իր խոստումները:

Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ քննարկումի մը ժամանակ զօր. Թրեթիաք համաձայն գտնուած է քննարկման մասնակիցներէն մէկուն այն կարծիքին, որ այս շրջանին մէջ պատերազմի վերսկսման վտանգը մեծ է, սակայն նշած է, որ այդ վտանգը հետզհետէ կը նուազի շնորհիւ Ռուսիոյ ջանքերուն:

Խօսելով այն մասին, թէ Ռուսիան չմիջամտեց Խըրխըզիստանի տագնապին եւ ատիկա փորձութիւն էր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան համար, զօր.Թրեթիաք ըսած է, որ ատիկա բոլորովին այլ կացութիւն էր: Ան նշած է, որ Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք Կեդրոնական Ասիոյ մէջ անվտանգութեան բաց պիտի յառաջանայ, եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան երկիրները կրնան այդ բացը լեցնել:

 

Share this Article
CATEGORIES