ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄՇԵՆԱՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵՆ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները համշենահայերու շրջանակին մէջ զանգուածային ձերբակալութիւններ կը կատարեն:
Ըստ լրատուամիջոցներուն, իսլամացած հայերուն նկատմամբ այսպիսի վերաբերմունք թերեւս մէկ բացատրութիւն ունի. Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վրէժ կը լուծէ անոնցմէ, որոնք իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին Հոփա քաղաքին մէջ քարեր նետած էին իր շքախումբին վրայ:
Ձերբակալուածները կը պահուին Էրզրումի բանտին մէջ, իսկ 11 այլ անձերու նկատմամբ հետախուզութիւն յայտարարուած է:
CATEGORIES Հայկական