Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Արձակուրդի օրերը եթէ աւարտած են կամ արդէն իրենց վերջաւորութեան հասած, որքան որ կրնաք ջանացէք ըմբոշխնել ստեղծուած հաճելի առիթները: Սիրով ապրեցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Փափուկ կացութեան մը մէջ պիտի կարենաք լաւագոյն շահը ապահովել նիւթական եւ բարոյական իմաստով: Օրը ունի հաստատ յաջողութիւն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի ամենայն խղճմտութեամբ: Անկեղծ կեցուածքը միշտ կը գնահատուի, որովհետեւ կեղծ վերաբերումները տեղ չեն գտներ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուր որ ալ գտնուիք, մնացէք ձեր խառնուածքին յարիր: Ուրիշներու վերաբերումները պիտի չազդեն ձեր վրայ, որովհետեւ ինքնավստահ էք ձեր կատարած գործունէութենէն ու տարած աշխատանքէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շուրջը ունիք ձեզի համակիր գործընկերներ: Օրուան ընթացքին պիտի կարենաք միասնաբար արդիւնաւէտ գործ կատարել: Մնացէք ուրախ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հանգստանալու ժամանակ չէք ունեցած, որովհետեւ աշխատանքը միշտ հետեւած է ձեզի: Բայց ունիք հոգեկան գոհունակութիւնը, թէ լաւ աշխատած էք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ փոխէք ձեր կարծիքը եւ որոշումը: Կատարեցէք ձեզի յանձնուած պարտականութիւնը առանց դժգոհութեան: Կը գնահատուիք նիւթապէս:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կրնաք ապահով ըլլալ, թէ բախտը ձեզի պիտի ընկերանայ ո՛ւր ալ ըլլաք: Օրը ունի անակնկալներ դրական իմաստով: Միշտ լաւատես եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ աշխատանքի դժուարութիւն ունենաք, դիմեցէք ձեզի ծանօթ փորձառու անձերու: Ինքնավստահ եղէք, բայց նոյն ատեն յարգեցէք միւսին կարծիքն ալ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մտածեցէք ձեր ծրագիրներուն իրականացման մասին: Ամառնային օրերը ձեռնտու պիտի ըլլան առաւել ժամանակ տրամադրելու եւ աշխատելու: Պիտի գնահատուիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ստեղծագործական ծրագիրները պիտի օգնեն ձեզի աւելի յառաջդիմելու: Մնացէք ձեր դիրքին վրայ: Օրը նպաստաւոր է այս իմաստով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանկավարժական ձեր ձիրքերը արժեւորեցէք, դաստիարակութիւնը ձեր ծրագրին մէջ թող ըլլայ միշտ առաջնահերթ: Օգտակար կ՛ըլլաք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )