Կենցաղավարութիւն. Տիպար Հրաւիրեալի 12 Պատուիրանները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1

Յարգեցէք «քաղաքավարութեան քառորդ ժամ»-ը
Առօրեայ կեանքի մէջ ճշդապահութենէն լաւ բան չկայ, բացի մէկ պարագայէ` երբ տեղ մը ճաշի, ընթրիքի հրաւիրուած էք: Նման պարագաներու կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ, որ ճշդուած ժամէն քառորդ ժամ ուշ հասնիք: Ուշադի՛ր, եթէ ձեր ուշացումը այդքանէն աւելի է, պէտք է անպայման տանտիրուհին տեղեակ պահել:

2

Պարապ ձեռքերով չերթաք
Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ փունջ մը ծաղիկը լաւագոյն ձեւն է, սակայն կարելի է զայն փոխարինել տուրմով, խմիչքով եւ այլն… Խուսափեցէ՛ք կարկանդակ կամ անուշեղէն տանելէ, տանտիրուհին վստահաբար անուշեղէն նախատեսած կ՛ըլլայ:

Ուշադի՛ր, կենցաղավարութիւնը կը թելադրէ, որ ծաղիկի պարագային նախօրօք ղրկէք ձեր ծաղկեփունջը` պզտիկ երկտողով մը, ուր շնորհակալութիւն կը յայտնէք հրաւէրին համար:

3

Դուք ձեզ ներկայացուցէք մնացեալ հրաւիրեալներուն
Երբ կը հասնիք հրաւէրի վայրը, նախ դուք ձեզ ներկայացուցէք, ապա ձեռնուեցէք: Եթէ միւս հրաւիրեալներուն առաջին անգամն է, որ կը հանդիպիք, նախընտրելի է յոգնակիով դիմել:

4

Խուսափեցէք կարգ մը նիւթերէ
Երբ տեղ հրաւիրուած էք, եւ մանաւանդ անծանօթներ կան, զգուշացէք վէճի դուռ բացող նիւթերէ: Այսպէս` կենցաղավարութիւնը կը թելադրէ, որ հրաժարիք քաղաքականութեան, կրօնքի, բարքերու հետ առնչուող նիւթերէ եւ նախապատուութիւնը տաք ընտանիքի, ասպարէզի, մշակոյթի առնչուող նիւթերու: Այսպէսով կանխած կ՛ըլլաք վէճերը, անյարմար կացութիւնները եւ փոխադարձ վիրաւորանքները:

5

Լսեցէ՛ք ուրիշները
Պերճախօս եւ ընկերային ըլլալը լաւ յատկութիւններ են, սակայն շատ անյարմար է ձեր անձին մասին երկար խօսիլը, նաեւ պէտք է առիթ տաք խօսակիցին, որ իր ըսելիքը ըսէ, վերջապէս պէտք չէ տեւաբար հակաճառէք դիմացինը, խուսափեցէ՛ք վէճի մէջ իյնալէ:

6

Յարգեցէ՛ք փրոթոքոլը
Սեղանին շուրջ. ճաշի մի՛ սկսիք այնքան ատեն որ տանտիկինը սկսելու հրաւէրը չէ ուղղած: Նաեւ բոլորէն առաջ մի՛ նստիք սեղան, սպասեցէք, որ բոլորին հրաւէր ուղղուի, ապա մօտեցէք ճաշասեղանին:

7

Յարգեցէ՛ք սեղանին կանոնները
Սեղանին շուրջ նախ ուղիղ նստէք, արմուկները սեղանին չդնէք, ոչ ալ անձեռոցիկը` ձեր վիզին շուրջ: Անձեռոցիկը կը տարածէք ձեր ծունկերուն վրայ:

Անշուշտ սեղանին շուրջ հայհոյանքը եւ կոպիտ խօսքերը անընդունելի են: Եղէք ժպտուն եւ բարձր տրամադրութեամբ:

8

Լեցուն բերանով մի՛ խօսիք
Այո՛, նոյնիսկ եթէ հարցի մը գծով ձեր կարծիքին կը դիմեն, այնքան ատեն որ ձեր բերանը լեցուն է, մի՛ պատասխանէք: Նոյնիսկ եթէ կերակուր մը շատ հաւնեցաք, քանի մը անգամ մի՛ առնէք, ուրիշներու ալ հաշիւը ըրէք:

Երբ տանտիրուհին առաջարկէ ձեր կերակուրը վերանորոգել, առաջին հրաւէրէն մի՛ ընդունիք, սպասեցէք, որ երկրորդ անգամ մը եւս հրաւիրէ:

9

Վայելչութեա՛մբ կերէք
– Տաք ապուրը պաղեցնելու համար մի՛ փչէք:

– Աղցանը, հացը եւ դդմաճները դանակով մի՛ կտրէք:

– Կերակուրին թացանը դգալով չենք ուտեր, այլ պնակին մէջ կը ձգենք:

– Եթէ ձուկի փուշ մը կայ ձեր բերնին մէջ, բարձրաձայն մի՛ յայտարարէք, այլ զգուշութեամբ, առանց ուշադրութիւն գրաւելու պատառաքաղին միջոցաւ պնակին ծայրը դրէք:

10

Ձեր կողքին նստողին խորհուրդներ մի տաք
Ինչ որ դուք կը սիրէք, կրնայ ձեր կողքին նստած բարեկամը կամ նոր ծանօթացած անձը չսիրէ: Բոլորին դիմաց մի՛ առաջարկէք, որ տուեալ ուտելիքը փորձէ, կրնաք զայն նեղ կացութեան մատնել:

11

Անհատական պատառաքաղը միշտ մի՛ գործածէք
Երբեմն անզգալաբար ու անզգուշութեամբ ձեր անձնական պատառաքաղն ու դգալը կրնաք օգտագործել կեդրոնը դրուած ուտելիքէն կամ աղցանէն բաժին մը ձեր պնակին մէջ զետեղելու:

Ասիկա անընդունելի սովորութիւն է, որովհետեւ ճիշդ չըլլալու կողքին կրնայ ձեր շուրջիններուն մօտ զգայնութիւններ յառաջացնել:

12

Շնորհակալութիւն յայտնեցէ՛ք
Մեկնումի ժամուն, հրաւիրեալներուն ընդհանուր ցտեսութիւն ըսէք, իսկ ձեզ մինչեւ դուռ ճամբող տանտիկինին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցէք:

Կրնաք նաեւ յաջորդ օրը հեռաձայնով կամ ծաղկեփունջ մը ղրկելով (շնորհակալական երկտողով մը) ձեր շնորհակալութիւնը յայտնել նախորդ օրուան հրաւէրին համար:

 

Օգտակար Գիտելիքներ

Յաջող Փիքնիքի Մը Գաղտնիքները

Փիքնիքը սովորական պտոյտ մը չէ, անիկա պէտք է ճշդուած ժամանակէն առաջ ծրագրուի, որպէսզի յաջող եւ հաճելի անցնի: Ահաւասիկ ինչ կը թելադրեն փորձառուները:

1

Առաջին հերթին պէտք է առնուազն շաբաթ մը առաջ տեղեակ պահել մասնակիցները, ապա պէտք է ճշդել վայրը եւ ի հարկին բաժնուիլ գործերը:

2

Ամառնային փիքնիքները կրնան մեզի անհաճոյ կացութիւններու առջեւ դնել` արեւահարութիւն, ուտելիքներու թունաւորում…

Ահա թէ ինչու պէտք է ընտրել ծառապատ վայր մը կամ ունենալ կտաւէ ծածկ մը կամ խոշոր հովանոց մը: Իսկ ուտելիքներու պարագային` յատուկ սառնարան:

3

Ժամանակ առաջ ցանկագրել անհրաժեշտ պիտոյքները` ամանեղէն, թաշկինակ, ծածկոց, դեղորայք…: Կազմակերպուած փիքնիք մը անպայմանօրէն կը յաջողի:

4

Նախատեսել խոշոր սաւան մը եւ կամ կարպետ մը` հանգիստ տեղաւորուելու համար: Իսկ եթէ տարեցներ կան խումբին մէջ, նախատեսել ծալուող աթոռակներ:

5

Ուտելիքները թող ըլլան սերտուած` մսեղէն, բանջարեղէն, պտուղ, պտուղի հիւթ, այլ խմիչքներ եւ անշուշտ` ջուր:

Խիստ թելադրելի է, որ թացանով ուտելիքներ զանց առնուին, քանի որ թացանները ենթակայ են շուտ աւրուելու` տաքէն:

6

Թելադրելի է, որ ուտելիքները փոխադրուին սառնարան-պայուսակներով: Այսպիսով մսեղէնները կը մնան ապահով, իսկ բանջարեղէններն ու պտուղները կը պահեն իրենց առողջ եւ ախորժաբեր տեսքն ու համը:

7

Երեխաներուն համար նախատեսել խաղեր, զբաղումներ: Օրուան մը համար թող հրաժարին իրենց ելեկտրոնային խաղերէն, բջիջայիններէն եւ այփէտերէն եւ թող խաղան ռաքէթով, չուանով, գնդակով կամ հեծանիւով:

8

Արեւէն պաշտպանուելու համար խիստ յանձնարարելի է առատ ջուր խմել, գլխարկ եւ ակնոց կրել եւ մորթը պաշտպանել յատուկ սեր օգտագործելով:

9

Նայած փիքնիքի վայրին, թելադրելի է ունենալ միջատասպան սփռիչներ, բայց մանաւանդ` խայթուածքի դեղեր:

10

Փիքնիքին յաջողութեան նախապայմաններէն մէկը մաքրութիւնն է: Ուտելիքները պատրաստելու ժամանակ պէտք է կրել մաքուր ձեռնոցներ, յաճախ օճառուիլ կամ մաքրուիլ թաց, հականեխուած թաշկինակներով: Թելադրելի է նաեւ աղբի խոշոր տոպրակներու մէջ լեցնել աղբերը` ճանճերէն պաշտպանուելու, բայց նաեւ բնութիւնը մաքուր պահելու համար:

 

Այլազան

Տխուր Երգերը Կը Բուժեն… Դժբախտ Սէրը

Ամերիկեան «Ճըրնըլ աֆ քանսիումըր ռիսըրչ» ամսագիրին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, տխուր երգերը կ՛օգնեն համեմատաբար դիւրին տոկալու սիրածէն բաժանումին:

Փորձարկումը ցոյց տուած է, թէ տխուր, մելամաղձոտ երգերը կ՛ազդեն բաժանումէ տառապող սրտերուն վրայ այնպէս, ինչպէս կ՛օգնէր ընկերոջ մը կարեկցանքը:

Տխուր երգերը նաեւ կը ցրուեն վատ միտքերը, կ՛օգնեն մեղմելու ցաւը եւ կը դարմանեն սրտին վէրքերը…

Իսկ երգիծական ժապաւէններն ու ուրախ երգերը կարճ ժամանակով  կը թեթեւցնեն տառապող անձին վիճակը:

Ուշադրութիւնը Մարզելու Վարժութիւններ

Եթէ ձեր շրջապատը յաճախ կը գանգատի ձեր անուշադրութենէն, ցրուածութենէն, թերեւս իսկապէս կարիքը ունիք մարզուելու: Ահաւասիկ քանի մը օրինակ:

– Ժամացոյցին վրայ ճշդեցէք 1 վայրկեան եւ այդ միջոցին, առանց դադարի թուարկեցէք բոլոր իրերը, զորս կը տեսնէք ձեր շուրջը: Ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ հասնիլ այն հանգրուանին, ուր կը յաջողիք թուարկել առնուազն 50 իր:

– Պիտի զարմանաք, սակայն ուշադրութեան հետ սերտ կապ ունի համբերատարութիւնը: Համբերատարութիւնը մարզելու համար, որոշեցէք աշխատանք մը, որմով պէտք է զբաղուիք 40 վայրկեան: Յիշեցնենք, որ… պատկերասփիւռ դիտելը այս նպատակին յարմար աշխատանք չի՛ նկատուիր:

– Աղմկոտ միջավայրի մէջ կեդրոնանալու համար փորձեցէք աշխատանք մը կատարել հաճելի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ` չշեղելով ձեր կատարելիքէն: Ժամանակի ընթացքին ամէնէն զօրաւոր աղմուկն անգամ պիտի չխանգարէ ձեզ:

 

Խոհագիր

Ֆէթա Պանիրով Կարկանդակ

Բաղադրութիւն 6 անձի համար

150 կր. ալիւր
3 հաւկիթ
80 կրամ նոր տաշուած փարմըզան պանիր
12 սանթիլիթր հեղուկ սեր
Ապուրի դգալ մը քիմիական թթխմոր
8 սանթիլիթր ձիթաիւղ
Սեւ պղպեղ
2 կարմիր պղպեղ
1 կանաչ պղպեղ
2 ապուրի դգալ մանրուած, թարմ ռեհան,
150 կր. ֆէթա պանիր

Պատրաստութիւն

Պղպեղները փուռին մէջ խորովել, կեղուել եւ մանր կտրտել:

Ֆէթա պանիրը խորանարդաձեւ մանր կտրտել:

Խորունկ ամանի մը մէջ հաւկիթները հարել, յաջորդաբար աւելցնել ալիւրն ու թթխմորը, սերն ու ձէթը, միատարր խմոր մը ստանալէ ետք աւելցնել տաշուած փարմըզանը եւ սեւ, փոշի պղպեղը:

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով: 22 սմ. տրամագիծով ափսէի մը յատակն ու կողմերը ձէթով ծեփել:

Խմորին աւելցնել մանրուած պղպեղները,  մանրուած ռեհանը եւ ֆէթան, խառնել եւ փոխադրել կաղապարին մէջ, եփել 45 վայրկեան:

Երեսը անմիջապէս որ գոյն առնէ, ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել, շարունակել եփել, մինչեւ որ կարկանդակին մէջ մտցուած ցպիկը մաքուր դուրս ելլէ:

Ձգել, որ պաղի, ապա շերտել եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայրենածաղիկը

Ասում են, մի հայ աղջիկ, գաղթելիս,
Հայաստանից մի ծաղիկ է տարել.
Ջրել արցունքով` ամէն լացելիս
Եւ վերադարձի յոյսով փայփայել.
Ամէն մի ծաղիկ, մայր հողում ծլած,
Ձգտում է դէպի երկինք ու արեւ.
Իսկ նա, ուր լինէր, գլուխը ծռած,
Նայել է դէպի երկիրն իր քարէ.
Եւ ուղղել է իր գլուխը տրտում,
Միայն հայրենի հողում քարքարոտ…
… Այդ ծաղիկը կայ ամէնքի սրտում
Եւ կոչւում է նա… հայրենի կարօտ

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES