Մեր Երիտասարդները Կը Գրեն. Տողեր Սրտիս Խորերէն
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Նայուածքը` ծաղկալից առանց վարդի
Ապրում մը աստղերու նետեց սրտիս…
Այդ դժոխք ճամբան ա՜խ, ես մերժեցի,
Բայց, լուսեղէն ժպտովն շղթայեց զիս:
Ու շղթայուած սրտէս խաւարագին`
Մելամաղձոտ սէր մը փոթորկեցաւ,
Սէր` ցնորոտ նոյնչափ փոթորիկին,
Որ սեւ կողմը կեանքին առջիս բացաւ:
Հոգիս` ծնրադիր այդ ցուրտ նայուածքին
Կարօտի հրայրքէս տառապելէն,
Արեւըս անսուաղ դողաց ուժգին,
Որ առանց ջերմութեան մեռաւ արդէն:
Տեսնելով ձեռքը` ուրիշի ձեռքին
Հատնեցայ ուժասպառ այն սեւ օրէն
Բոցեղ ըզգացումներս իմ մոլեգին
Հիւծեալ սրտիս համար` անէծք դժխեմ:
Անէծքովըն ծակեց սէրս ջերմեռանդ,
Մշուշըն մեռցուց վարդ հոգիս անբիծ,
Ան պիտի մնայ միշտ դառն յիշատակ,
Ո՜հ, բռնկած կրակ պէ՛տք է մարիս:
Նայուածքը` մթնշաղ ջինջ հոգիի
Վեհ իմաստը սիրոյ փշրտեց յիս,
Այդ դժոխք ճամբան ա՜խ, վարդով գացի.
Ափսո՜ս, ըսպաննելու չափ ցաւցուց զիս:

