Կանեփուկին Եւ Զմուռսին Օգուտները

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Կանեփուկը (agnus castus) կ՛աճի Եւրոպայի հարաւը, ինչպէս նաեւ` միջերկրականեան  երկիրներու մէջ:

Կանեփուկի տերեւները կը նմանին մատներու եւ անոնց գոյնը գարնան մանիշակագոյն են, իսկ աշնան ան թութի նման սրճագոյն պտուղ կու տայ: Այս համեղ պտուղը կարելի է սպառել:

Հին դարերէն ի վեր մինչեւ այսօր, կանեփուկը կը գործածուի առողջապահական զանազան հարցերու բուժման, մասնաւորաբար` կնոջական կարգ մը հարցերու պարագային: Ինչպէս արդի ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, կանեփուկի պտուղի սպառումը կ՛օգնէ կնոջ մարմնի հորմոններու հաւասարակշռութեան, ինչպէս նաեւ` դաշտանէն առաջ կամ դաշտանի ընթացքին ցաւերու, պրկումներու եւ այլ հարցերու նուազեցման, օրինակ` կուրծքի ցաւը եւ մարմնի մէջ հեղուկներու հաւաքուիլը:

Ուսումնասիրութիւն մը կատարուեցաւ 1500 կիներու վրայ, որոնք օրական, վեց ամիս շարունակաբար, սպառեցին կանեփուկի 50 խտացած կաթիլներ: Այս կիներուն 90 առ հարիւրը վստահեցուց, թէ դաշտանէն առաջ պատահող իրենց ցաւերը գրեթէ ոչնչացած են: Կանեփուկը ոչ միայն կը բուժէ դաշտանի ցաւերը, այլեւ կը կանոնաւորէ անոր ընթացքը:

Կանեփուկը կը բարձրացնէ դիեցնող մօր կաթին արտադրութեան քանակը: Ան օգտակար է նաեւ երեխային համար, սակայն սպառումը պէտք է ըլլայ չափաւոր:

Կարելի է կանեփուկի հիւթ պատրաստել 9 կրամ կանեփուկի խոտ զետեղելով 100 միլլիլիթր ջուրի մէջ` օրական սպառելով 40 կաթիլ, 12 ամիս ժամանակով:

Պէտք է նշել, որ կանեփուկին ազդեցութիւնը մարմնին վրայ դանդաղ է: Անոր արդիւնքը մարմնին վրայ ի յայտ կու գայ ամիսներ վերջ:

Կանեփուկը ոչ մէկ կողմնակի ազդեցութիւն ունի, սակայն կրնայ ստամոքսի փոքր նեղութիւններ պատճառել:

Զմուռսը խէժ մըն է, որ զմռնենիէն յառաջ կու գայ: Զմռնենին ընդհանրապէս կ՛աճի միջերկրականեան երկիրներու մէջ: Զմռնենիի ճիւղերէն դեղին իւղ մը կ՛արտաբերուի, որ ունի զանազան բուժիչ յատկութիւններ:

Հին դարերուն, փարաւոններու եւ հռոմէացիներու օրով, զմուռսը կը գործածուէր վէրքեր բուժելու համար:

Հետագային գիտնականներ ի յայտ բերին զմուռս բոյսին զանազան օգուտները: Զմուռսին բոյսը կ՛օգնէ մարմնի թոյներուն դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ` բերնի զանազան հարցեր բուժելու: Զմուռսը կը պարունակէ թանին տարրը, որ հականեխիչ տարր մըն է: Այդ պատճառով անիկա կը նկատուի բերնի պաքթերիաներուն դէմ դնող եւ բորբոքումները բուժող նիւթ մը: Մինչեւ հիմա ան կ՛օգտագործուի իբրեւ բերանը լուալու կամ հականեխելու նիւթ:

Զմուռսը նաեւ այլ յատկութիւններ ունի. անիկա դէմ կը դնէ լինտի բորբոքումներուն, կը բուժէ բերնի ցաւերը եւ լինտի արիւնահոսութիւնը:

Պէտք է յիշենք, որ զմուռսին բոյսը ակռաները մաքրող  մածուկներուն հիմնական նիւթերէն մէկն է:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ զմուռսին բոյսը կ՛օգնէ սրտանօթային կարգ մը հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու եւ արեան վատ քոլեսթերոլին (LDL) քանակը նուազեցնելու:

Բերանը հականեխելու համար մէկ փոքր դգալ զմուռսի բոյսի փոշին աւելցուր մէկ փոքր դգալ պորիք ասիտի վրայ ու երկուքը միասին լուծէ երկու գաւաթ եռացած ջուրի մէջ: 30 վայրկեան ձգէ, որ խառնուրդը հանդարտի, ապա զայն օգտագործէ բերանդ լուալու` առանց կուլ տալու հեղուկը:

Իսկ եթէ սրտանօթային հարցերը դէմ դնելու պիտի գործածես, ապա մէկ փոքր դգալ զմուռսի բոյսի փոշին լուծէ մէկ գաւաթ եռացած ջուրի մէջ: 10 վայրկեան ձգէ, որ խառնուրդը հանդարտի: Կարելի է օրական երկու գաւաթ սպառել: Զմուռսին համը լեղի է, հետեւաբար կարելի է անոր աւելցնել մեղր կամ կիտրոնի հիւթ:

Երկու տարեկանէն նուազ երեխաներուն արգիլուած է զմուռսի սպառումը: Երկուքէն վեր տարիք ունեցող երեխաները քիչ քանակութեամբ միայն կրնան սպառել զմուռսին հիւթը: Նոյնն է պարագան նաեւ տարեցներուն:

Յղի կիներուն բացարձակապէս արգիլուած է զմուռսի սպառումը, որովհետեւ անիկա կրնայ վիժում պատճառել:

Զմուռսը հաւասարակշռուած քանակութեամբ պէտք է գործածել: Չափազանց գործածութիւնը կրնայ զանազան կողմնակի ազդեցութիւններ պատճառել` փորհարութիւն, ուշաթափութիւն, փսխում եւ սրտի արագ տրոփ: Որեւէ կողմնակի ազդեցութիւն զգալու պարագային, անմիջապէս պէտք է դադրեցնել զմուռսի սպառումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )