ԼՕԽ-ի «Պարտէզ»-ին Մէջ

Պատրաստեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

 

Այնճար հայաւանի հանդարտ եւ բնութեան բարիքներով շրջապատուած թաղամասի մը մէջ քեզ կ՛ողջունէ Լիբանանի օգնութեան խաչի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանին շէնքը, ուրկէ լսուող մանուկներուն եւ պատանիներուն զիրար խաչաձեւող խօսակցութիւնները, ուրախ բացագանչութիւնները, իրենց պատասխանատուներուն ուղղուած գանգատներն ու պահանջները, խաղերու ընթացքին զիրար քաջալերող խօսքերը, յաղթանակի ճիչերը արդէն կը թնդացնեն քարեղէն կառոյցը` կեանք եւ իմաստ տալով անոր:

Թէեւ Կազդուրման կայանի կազմակերպումը սովորական դարձած է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան համար, բայց եւ այնպէս այս տարի իւրայատուկ եւ անսովոր է այն, որ մասնակից երեխաները «գաղթական» չեն, այլ ունին իրենց «տունը»` օժտուած ամէն տեսակ յարմարութիւններով, որպէսզի անոնք կարենան առաւելագոյնս հանգիստ պայմաններու մէջ անցընել իրենց երեք շաբթուան կազդուրման հանգրուանը:

Կազդուրման կայանի սեփական շէնքի հիմնարկէքէն գրեթէ տարի մը ետք արդէն իսկ կառոյցը 11 օգոստոսին առաջին անգամ ըլլալով իր գիրկը առաւ հայ տղաք ու աղջիկներ, որոնց համար մշակուած է դաստիարակչական, ընկերային եւ ազգային տարբեր ծրագիրներ, ժամանցի, պտոյտի եւ ուրախութեան բազմաթիւ առիթներ:

Ի զուր չէ, որ «Ազդակ»-ի հետ ունեցած իրենց զրոյցին ընթացքին կազդուրման կայանին մասնակիցները հաստատեցին, որ իրենք շատ ուրախ են, գոհ են, իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը մեծ է ու յատկանշական: Ոմանք նշեցին, որ չեն ուզեր տուն վերադառնալ, այլ կը փափաքին ամբողջ ամառը անցընել հոն, ուրիշներ, ուրախ ու հանգիստ ըլլալով հանդերձ, իրենց կարօտը արտայայտեցին իրենց ծնողներուն նկատմամբ: Հայերէնով լաւապէս արտայայտուելու դժուարութիւն ունեցող եւ օտար վարժարան յաճախող աղջնակ մը ըսաւ, որ շատ ուրախ է հայկական մթնոլորտի մէջ ապրելու այս առիթով, երջանիկ է, որովհետեւ հայ ընկերներ ունենալու առիթ տրուած է իրեն…

 

 

 

 

 

 

 

Մանուկներն ու պատանիները տարբեր խորքայնութեամբ եւ գոյներով պատկերներ կը մարմնաւորեն կազդուրման կայանին մէջ թէ անկէ դուրս… Պատկերներ անմեղութեան, չարաճճիութեան, ընկերասիրութեան, մանկութեան…

Ողջունելի է նաեւ այս տան մէջ մանուկներուն կեանքը կազմակերպելու եւ առօրեան դասաւորելու լծուած պատասխանատուին եւ օգնականներուն աշխատանքը. արդարեւ, անոնք ոչինչ կը խնայեն, որպէսզի մասնակիցները իրենք զիրենք իսկապէս տան մէջ զգան եւ ապրին մէկ ընտանիքի նման:

Կազդուրման կայանի առօրեային, ծրագիրներուն մասին «Ազդակ»-ին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց պատասխանատու Նայիրի Չամսարեան-Հապէշեանը:

«Մայիս ամսուան ընթացքին ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն կատարուած դիմումներուն եւ անոնց կողմէ ներկայացուած ցանկերու հիման վրայ կ՛ընտրուին այն մանուկները, որոնք մաս պիտի կազմեն կազդուրման կայանին. անոնք կ՛ենթարկուին բժշկական քննութիւններու, որպէսզի ճշդուի, որ բոլոր փոքրիկները առող՞ջ են: Հիմնական նպատակը ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող ընտանիքներուն զաւակներուն հաճելի եւ արձակուրդի պահեր պարգեւելն է: Այս տարի կազդուրման կայանին կը մասնակցին 6-12 տարեկան 61 տղաք ու աղջիկներ. մեր նպատակն է երեք շաբթուան ընթացքին բան մը սորվեցնել, բան մը տալ աշակերտներուն, որպէսզի նոյնիսկ իրենց ծնողները զգան, թէ բարեփոխում մը կատարուած է իրենց զաւակներուն նկարագիրին մէջ: Մենք կը միտինք ամբողջական եւ հարուստ ծրագիր մը մատուցել. ամէն ինչ կարգ ու կանոնով կ՛ընենք, դպրոցի 8 պահերու հիման վրայ փորձեցի կազմակերպել իւրաքանչիւր օր, որպէսզի բոլորիս դիւրին ըլլայ:

 

 

 

 

 

 

«Կայանի մասնակիցները առաւօտեան  ժամը 7:00-ին կ՛արթննան, մինչեւ 7:30 կը լուացուին, ապա շարքով կ՛իջնեն ու մարզանք կ՛ընեն: Անկէ ետք կը հաւաքուինք նախաճաշի սրահին մէջ, աղօթելէ ետք կը նախաճաշենք, ապա կրկին կը բարձրանան իրենց սենեակները, կը կոկեն, բաղնիքները կը մաքրեն. կոկիկ եւ մաքուր ըլլալու համար կէտեր կու տանք` թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական, որպէսզի իրենց ըրածներուն համար գնահատուած զգան: Կազդուրման կայանի աշակերտները բաժնուած են 4 խումբերու` ըստ տարիքի եւ սեռի, իւրաքանչիւրը ունի իր պատասխանատուն: Այս տարի մենք շէնքը կոչեցինք պարտէզ, իսկ խումբերուն տուինք հետեւեալ անունները` աղջիկները` վարդ ու կակաչ, իսկ տղաքը մեղու եւ զատկաճճի: Օրը կը շարունակուի ըստ ճշդուած ծրագիրին. կայ ընդհանուր գիտելիքներու ժամ, կը հրաւիրենք դասախօսներ, ունինք մանկական հանրագիտարաններ: Հետաքրքրական էր Եսայի Հաւաթեանի այցելութիւնը. ան հունտեր բերած էր, զանոնք ցանեցինք եւ ան աշակերտներուն բացատրեց, որ ինչպէս պէտք է անոնց հոգ տանին, որպէսզի աճին, որովհետեւ բոյսերը եւս կարիք ունին սնունդի եւ ուշադրութեան: Կազդուրման կայանի աւարտին իւրաքանչիւրը իր իսկ ցանած ծաղիկը իրեն հետ տուն պիտի տանի: Կը կատարենք ձեռային աշխատանքներ, որոնց ընթացքին նաեւ մանուկներուն եւ պատանիներուն ձիրքերը ի յայտ կու գան: Կը կազմակերպենք մարզական խաղեր, ունինք պարի, երգի եւ մշակութային տարբեր աշխատանքներ:

«Արտաքին գործունէութեան իմաստով ունինք պտոյտներ` դէպի խաղավայր, բերդ, լողաւազան, հրաւիրուած ենք ագարակ (Զահլէ), մեզի նուիրատուութիւններ կը կատարուին: Վերջին օրը պիտի կատարենք հանդէս, որուն ընթացքին հայկական ոգիով եւ աւանդութեամբ յագեցած գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը պիտի ներկայացնենք ծնողներուն եւ բարեկամներուն: Այսպիսով, կը փորձենք նաեւ անոնց սորվեցնել երգ, պար, հայկական մշակոյթ, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին այս բոլորը ներկայացնեն իրենց ծնողներուն:

«Վերջին օրը պիտի ունենանք նաեւ խրախճանք: Կիրակի օրերը առիթ տուած ենք, որ ծնողները մեզի հետ կապ հաստատեն, իրենց զաւակներուն մասին տեղեկութիւններ ստանան, եւ եթէ երկուստեք մտահոգութիւններ ըլլան, բաժնեկցինք. մեր աշխատանքները յաճախ Դիմատետրի ճամբով կը ծանօթացնենք բոլորին:

«Շէնք ունենալը կարեւոր եւ օգտաշատ է, անհրաժեշտ յարմարութիւնները կան, կառոյցին մէջ ապրելով` նաեւ կը գիտնաս ու կը զգաս, որ յաւելեալ ի՛նչ բաներու կարիք կայ, եւ բարեփոխման առաջարկներով յառաջիկային համար աւելի լաւին պիտի ձգտինք:

«ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն անդամներ կ՛այցելեն կեդրոն, նուէրներ կը բերեն, կը հետաքրքրուին: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ ԼՕԽ-ը նման առիթ տուաւ ինծի, եւ ես իմ կարգիս կարելիս կ՛ընեմ, որպէսզի գոհ մնան բոլորը եւ օգտաշատ աշխատանք տարուի»:

«Ազդակ»-ի հետ իրենց փորձառութիւնը բաժնեկցեցան նաեւ օգնական պատասխանատուները:

Բալիկ Խտրլարեան դիտել տուաւ, որ ինք երկրորդ տարին ըլլալով իբրեւ պատասխանատու կը մասնակցի Կազդուրման կայանին, սակայն այս տարի` իբրեւ հոգեբան-մանկավարժ: «Ասիկա շատ լաւ անդրադարձ ունեցաւ փոքրիկներուն մօտ, որովհետեւ իրենք գիտեն, որ հոս կայ մէկը, որուն հետ կրնան իրենց դժուարութիւններուն եւ հարցերուն մասին խօսիլ, միասնաբար լուծումներ գտնել: Կը զգամ, որ նման հանդիպումներէ ետք անոնք հանգիստ կը զգան: Սկզբնական հանգրուանին անոնք կը տատամսէին քովս գալու եւ իրենց հարցերուն մասին խօսելու, հաւանաբար նման դրութեան մը վարժ չեն, սակայն ժամանակի ընթացքին այդ մօտեցումը շատ բնական դարձաւ իրենց համար եւ արդէն յանդգնութիւնը ունեցան ազատօրէն իրենց դժուարութիւնները կիսելու ինծի հետ: Ասիկա մեծ ուրախութիւն եւ բաւարարութիւն է, որ իմ աշխատանքովս կրնամ բարելաւել փոքրիկներուն վիճակը: Մեծ ուրախութիւն է, որ ուսումս կրցայ գործնականացնել, փոքրիկներուն հոգեկան աշխարհը թափանցել եւ իսկապէս օգնել անոնց»:

Կազդուրման կայանի նոր շէնքին մասին հարցումին իբրեւ պատասխան` Բ. Խտրլարեան յայտնեց. «Նախորդ տարի Ազգային Յառաջ-Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ կազդուրման կայանը, իսկ այս տարի բախտաւորութիւն է, որ մենք յատուկ կեդրոն մը ունինք. մանուկներն ու պատանիները հոս իսկական տունի նման կը զգան, երբ արշաւի կ՛երթան, վերադարձին կ՛ըսեն, որ տուն կը մեկնին: Դպրոցը աւելի ընդարձակ էր, սակայն հոս ամէն տեսակ պարագաներ ապահովուած են, սենեակները աւելի դասաւորուած են, աւելի կեդրոնացեալ վիճակ մը կայ:

«Պէտք է շեշտել, որ կազդուրման կայանին մէջ փոքրիկներուն անցուցած օրերը միայն ժամանցի եւ արձակուրդի չեն ծառայեր, այլ կը փորձենք կարելի եղածին չափ հոգեկան ու մտային պաշար տալ անոնց. բոլորիս կողմէ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրանքը արդէն իր մեծ դերակատարութիւնը ունի. պէտք չէ մոռնալ, որ անոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով այսքան երկար ժամանակով կը բացակայի տունէն. հոս բոլորս մէկ ընտանիքի նման ենք, իսկապէս կազդուրուելու մեծ առիթ ունին փոքրիկները, որոնք տուն պիտի վերադառնան առաւել եւս աշխուժ եւ լիցքաւորուած», նշեց ան:

Նարէ Թազեանին համար մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ աշխատիլը շատ հետաքրքրական եղած է միշտ, մանաւանդ այնպիսիներու, որոնք կարիք ունին իրենց հետ զբաղողի, իրենց գուրգուրացողի` թէ՛ իբրեւ ընկերուհի եւ թէ՛ իբրեւ պատասխանատու: «Կազդուրման կայանը այդ իմաստով լաւագոյններէն է, որովհետեւ մենք հոս փոքրիկներուն կը սորվեցնենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մաքուր ըլլան, կարգապահ, ընկերասէր եւ այլն: Թէեւ ՀՄԸՄ-ի ճամբով միշտ արդէն կ՛աշխատիմ փոքրիկներուն հետ, սակայն երեք շաբթուան տեւողութեան գիշեր-ցերեկ անոնց հետ ըլլալը տարբեր պատասխանատուութիւն եւ իմաստ ունի ինծի համար: Շատ կը կապուիս իւրաքանչիւրին, չես ուզեր բաժնուիլ իրենցմէ, հակառակ անոր որ երբեմն կը բարկանաս, կը նեղանաս, սակայն ի վերջոյ կը գիտակցիս, որ այս բոլորը տարբեր միջավայրերէ եկող փոքրիկներուն բնական հակազդեցութիւնն է:

«Իբրեւ փորձառութիւն` շատ բան կը սորվիս նաեւ այս փոքրիկներէն, մանաւանդ` համբերութիւն, կը սորվիս բոլորին հետ աշխատիլ, բոլորը լսել, կը գիտակցիս, թէ որքան կարեւոր է մարդը փոքր տարիքէն դաստիարակելը, որպէսզի անիկա կարենայ լաւ ապագայ ունենալ:

«Նկատելի է նաեւ, որ կազդուրման կայանը մեծ փոփոխութիւն կը կատարէ փոքրիկներուն մէջ. նախապէս զիրար չէին հանդուրժեր, սակայն հիմա իրենք կ՛ուզեն իրենց ընկերոջ օգնել, չեն ճաշեր առանց աղօթելու, իրենք կը փափաքին մաքուր ըլլալ: Իրենք եւս մեզի հետ ձեռք ձեռքի կ՛ուզեն տալ, որպէսզի այս կազդուրման կայանին մէջ առաւելագոյն չափով կարենան ուրախ եւ օգտաշատ օրեր ապրիլ»:

Նժդեհ Կոկոնեանի համար ասիկա շատ լաւ փորձառութիւն է. ան կը խոստովանի, որ դժուարութիւններ կան, սակայն հոգեկան գոհունակութիւնն ու մանուկներուն անմեղութիւնը ուրախութիւն կը պատճառեն:

«Օրերու թաւալումով կը զգանք, որ մեծ տարբերութիւն կայ վարուելակերպի իմաստով, անոնք կը բարեփոխուին, կը սորվին, թէ ինչպէս պէտք է վարուին իրենց պատասխանատուներուն հետ: Առաջարկս է, որ երեք շաբթուան փոխարէն` կարելի աւելի երկար ծրագիր մը մշակել կամ տարին երկու անգամ ընել այս մէկը, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ շատ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ:

«Ասիկա նաեւ առիթ է իբրեւ երիտասարդ հասկնալու, թէ իւրաքանչիւր մանուկ ինքնին աշխարհ մըն է, ունի նկարագրային գիծերը. նկատի ունենալով, որ առաջին անգամ է, որ այսքան մօտէն կապ կ՛ունենամ մանուկներու եւ պատանիներու հետ, չէի գիտեր` ի՛նչ կրնայ ըլլալ իւրաքանչիւրին մէջ պահուածը, բայց շատ գոհ եմ, որ առիթ ունեցայ այս բոլորին մէջ թափանցելու:

«Կոչ կ՛ուղղեմ իւրաքանչիւր երիտասարդի` նման փորձառութիւն մը ապրելու եւ մանուկներուն հետ աշխատելով իր էութեան մէջ եղածը յայտնաբերելու, որովհետեւ մանուկը եւս շատ բան ունի տալիք, անոր հետ հաստատուած ընկերութիւնը եւս իսկական արժէք է»:

Նարօտ Խտրլարեան, որ կը ծրագրէ մանուկներուն վերաբերող ճիւղ մը ուսանիլ ապագային, քաջալերուած է իր քրոջ փորձառութենէն եւ ուզած է անպայման ինք եւս ապրիլ մանուկներուն հետ, օգնել անոնց, որպէսզի անոնք իրենց կարգին կարենան աւելի լաւ մթնոլորտի մը մէջ ապրիլ, անոնց ուրախութեան պահեր պարգեւել: «Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի անոնք կարգ ու կանոն գիտցող, կարգապահ մանուկներ ըլլան, կը փորձենք կարելի եղածին չափ ընկերային, ճոխ եւ իւրայատուկ պահեր ստեղծել մանուկներուն համար, որպէսզի անոնք ուրախ եւ օգտաշատ արձակուրդէ մը ետք վերադառնան իրենց առօրեային»:

Թամար Գունտաքճեանի համար կազդուրման կայանի աշխատանքներուն օգտակար ըլլալը շատոնց փափաք եղած է, սակայն միայն այս տարի ընդունուած է` նկատի ունենալով տարիքային նուազագոյն սահմանը: «Ուրախ եմ ատոր համար, որովհետեւ շատ մեծ ուրախութիւն է ինծի  հոգատարութեան կարիք ունեցող փոքրիկներուն հոգ տանիլն ու ուշադրութիւն դարձնելը: Անոնց մէջ եղած դրական փոփոխութիւնը արդէն ժպիտ կը պարգեւէ բոլորին, կը զգանք, որ մեր կատարած գործը արդէն իր արդիւնքը կու տայ: Ամէն երեկոյ պատասխանատու կազմի անդամներս քննարկում կ՛ընենք եւ յաջորդ օրուան ծրագիրը կը ճշդենք, ինչ որ արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային կարենանք բարեփոխումներ կատարել:

«Անձնական եւ նման կեդրոն ունենալը շատ կարեւոր է, ամէն ինչ ապահովուած է հոս, մանուկները ոչինչէ զրկուած են, նախապէս անոնք գետինը կը քնանային, հիմա իրենց հանգստաւէտ անկողինները ունին:

«Ամէն մէկ երիտասարդ պէտք է փորձէ նման աշխատանք կատարել, որովհետեւ վստահաբար պիտի ունենայ նոր զգացումներ, զորս նախապէս ապրած չէր: Մանուկներուն հետ աշխատանքը, շատ բաներու կողքին, նաեւ լայն սիրտ եւ համբերութիւն ունենալ կը սորվեցնէ»:

Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով կազդուրման կայանի աշխատանքներուն մասնակցող Ցոլեր Մկրտիչեան նախորդ տարուան հետ բաղդատութիւն կատարելով` հաստատեց, որ նոր կեդրոնը բնականաբար աւելի օրինաւոր է, համախմբուած ըլլալու բոլոր տուեալները ապահովուած են, աւելի հանգստաւէտ պայմաններ կան: «Խորհուրդներով, դասախօսութիւններով, ուղղութիւններով մեծապէս զգալի կը դառնայ, որ մասնակիցները մեծապէս կը փոխուին, մեր աշխատանքով անոնք աւելի կիրթ եւ հանդարտ կը դառնան: Փոքրիկներուն հետ աշխատած ատեն նաեւ ես հանգիստ ու ազատ կը զգամ, որովհետեւ յոգնութիւնը կ՛անհետանայ, երբ անոնց ժպիտը կը տեսնես: Այս ծրագիրը նաեւ կարեւոր է իբրեւ հաւաքական աշխատանք, որովհետեւ իւրաքանչիւրը կը սկսի նաեւ ուրիշին մասին մտածել եւ գիտակցիլ, որ կեանքի հիմքը այդ է»:

Կէս օր կազդուրման կայանին մէջ անցընելէ, առօրեային մէկ մասը բաժնեկցելէ ետք կը հեռանանք` հոն ձգելով ուրախութեան ճիչեր, կեանքով եռուն մանկութիւններ եւ ողջունելի նախաձեռնութիւն մը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )