Պրազիլցի Ֆրետ Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնայի
Սպանական մամուլին համաձայն, շատ հաւանաբար Պարսելոնա իր կազմին միացնէ Ֆլումինենսէի յառաջապահ Ֆրետը: Այս փոխանցումը փորձելով իրականացնել` Պարսելոնա կ՛ուզէ իր յարձակողականը առաւելագոյն ձեւով զօրացնել:
Կը խօսուի նաեւ Անժիի յառաջապահ Էտոյի, ինչպէս նաեւ Չելսիի ֆութպոլիստներ Խուան Մաթթայի եւ Ֆեռնանտօ Թորեսի մասին:
Նշենք, որ այս տարի տեղի ունեցած Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին Ֆրետ հանդիսացաւ լաւագոյն ռմբարկուն:
CATEGORIES Մարզական


