Պրազիլցի Ուիլիան Միացաւ Չելսիի
Երէկ, պրազիլցի փլէյմէյքըր Ուիլիան իր ակումբը` Անժի Մախաչքալան (Ռուսիա) լքելով միացաւ լոնտոնեան կազմերէն Չելսիի:
25 տարեկան մարզիկը, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց երէկ, բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք կը նկատուի բաւական լաւ մարզիկ մը:
Անոր փոխանցման ճշգրիտ գումարին մասին թէեւ ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն ըստ բրիտանական մամուլին, անոր փոխանցումը արժեց 46,5 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Անժիի սեփականատէրը` Սիւլէյման Քերիմով, հիմնական կազմը ամբողջութեամբ ծախու դրած է ակումբին մարզիչին` Ռընէ Մէօլենսթինի պաշտօնազրկումէն ետք:
CATEGORIES Մարզական