Արժանթինեան Ֆութպոլ. Ֆութպոլիստ Մը Մահացաւ Դ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մրցումի Մը Ընթացքին

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց լուր մը, որուն մէջ ըսուեցաւ, որ ֆութպոլիստ մը մահացաւ Արժանթինի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին` հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք:

28 տարեկան յառաջապահ Հեքթոր Սանապրիա, որ մաս կը կազմէ Տեփորթիւօ Լաֆերրերէի, Ճեներալ Լամատրիտի դէմ կատարուած մրցումին Ա. կիսախաղին գետին ինկաւ: Ան թէեւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, բայց բժիշկները չկրցան փրկել անոր կեանքը:

Ակումբին մարզիչը` Էտուարտօ Քասերես ըսաւ, որ ան սրտի հետ կապուած ոչ մէկ հարց ունէր եւ անոր առողջութիւնը շատ լաւ էր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )