Քոլոմպիացի Փապոն Միացաւ Վալենսիայի

«Լա լիկա»-ի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն լաւ արդիւնք արձանագրելու նպատակով, Վալենսիա քիչ մը աւելի զօրացուց ինքզինք, երբ իր կազմին միացուց քոլոմպիացի յառաջապահ Տորլան Փապոնը` մեքսիքական Մոնթերէյ խումբէն:

25 տարեկան Փապոն նախորդ տարեշրջանի երկրորդ կիսուն փոխ տրուած էր Ռէալ Պեթիսի` չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով խումբին հետ:

Ռէալ Պեթիսի հետ 17 մրցումի ընթացքին 8 կոլ նշանակած Փապոն Վալենսիայի միանալով պիտի փորձէ սպանացի յառաջապահ Ռոպերթօ Սոլտատոյի ձգած բացը գոցել. վերջինս նախորդ տարեշրջանին աւարտին միացաւ Թոթենհամի:

Share this Article
CATEGORIES