Ժիւտօ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Արմէն Նազարեան Լքեց Պայքարը

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցող աշխարհի ժիւտոյի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի իր կատարած մրցումին, Արմէն Նազարեան (66 քկ), որ ճակատեցաւ ճափոնցի Մասաքի Ֆուկուոքայի դէմ, լքեց պայքարը, երբ անկէ պարտութիւն մը կրեց:

Նախքան իր այս մրցումը կատարելը, Նազարեան յաղթած էր Ճօ Մահիթի (Վանուատու) եւ Պրետֆորտ Փոլընի (Միացեալ Նահանգներ):

Երկու օր առաջ, պայքարէն դուրս մնացած էր նաեւ Յովհաննէս Դաւթեան:

Այսպիսով, Ռիօ տը Ժանէյրոյի այս ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստանը ներկայացնող երկու մարզիկներն ալ լքեցին պայքարը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )