Զիմպապուէյ Կը Սպառնայ Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատել
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Զիմպապուէյի նախագահ Ռոպըրթ Մուկապէ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա պէտք է չեղեալ յայտարարեն Զիմպապուէյի դէմ կիրարկուող պատժամիջոցները` սպառնալով, որ հակառակ պարագային Հարարէ պատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ:
Ըստ անոր, պատժամիջոցները թշնամական քայլ են եւ ժամանակն է, որ Զիմպապուէյ իր կարգին նմանօրինակ քայլերու դիմէ:
Ռոպըրթ Մուկապէ իշխանութեան հասած է 33 տարի առաջ: Յուլիս ամսուան ընթացքին ան յաղթանակ արձանագրեց երկրին մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան: Սակայն ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ արդիւնքները կեղծուած են:
CATEGORIES Միջազգային