Էմիրաթական «Թաքա»-ն Կը Յետաձգէ Թուրքիոյ Մէջ Ելեկտրակայաններու Շինութիւնը
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական ուժանիւթի Ապու Տապիի ընկերութիւնը (Թաքա) Թուրքիոյ մէջ ածուխով բանող ելեկտրակայաններու շինութիւնը յետաձգած է 2014-ին` ծախսի այլ առաջնահերթութիւններու գոյութեան պատճառով:
Թուրքիոյ ելեկտրականութեան արտադրման պետական ընկերութիւնն ու «Թաքա» ընկերութիւնը յունուարին գոյացուցած էին 12 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնութիւն մը` կառուցելու համար ելեկտրակայաններ, որոնք Թուրքիոյ Աւշին-Պոսթան շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հանքածուխներու պահեստները կ՛օգտագործեն` ելեկտրականութիւն արտադրելու համար:
«Թաքա» ընկերութեան բանբերը երէկ նշեց, որ ծրագիրին գործադրութիւնը նախատեսուած էր 2013-ի կիսուն, սակայն ծախսի այլ առաջնահերթութեան գոյութեան պատճառով Աւշին-Պոսթանի մէջ ներդրում կատարելու որոշումը յետաձգուած է մինչեւ 2014:
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Աւշին-Պոսթան շրջանը Թուրքիոյ մէջ հանքածուխի պահեստներուն 40 առ հարիւրը ունի եւ այդ պահեստները, եթէ ամբողջական կերպով օգտագործուին, կարելիութիւն կ՛ընծայեն Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանին մէջ ութ հազար մեկաուաթ ելեկտրականութիւն արտադրելու:

