«Ռուսիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Մէջ Աբխազիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Յատուկ Գլուխ Կը Կազմեն» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, աբխազական պետական պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Աբխազիոյ Հանրապետութեան անկախութեան օրուան նախօրեակին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ Աբխազիոյ հետ յարաբերութիւնները յատուկ գլուխ կը կազմեն:
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան շահագրգռուած է Աբխազիոյ Հանրապետութեան աջակցութիւն ցուցաբերելով` ապահովելու անոր անվտանգութիւնն ու ամրապնդելու միջազգային դիրքերը:
Լաւրով ընդգծած է, որ բոլորին` թէ՛ աբխազներու, թէ՛ օսեթներու, թէ՛ վրացիներու շահերէն կը բխին շրջանային կայունութիւնն ու բարի դրացիական յարաբերութիւնները: «Մենք կ՛ընդգծենք Վրաստանի նոր կառավարութեան յայտարարութիւնը` նման յարաբերութիւններ հարթելու հետ կապուած», ըսած է Լաւրով:
Յիշեցնենք, որ Աբխազիոյ Հանրապետութիւնը 26 օգոստոսին կը նշէ իր անկախութեան օրը: