«ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՏՈՆՑ ՍԿՍԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Կարէն Կարապետեան

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Կարապետեան երէկ անընդունելի որակեց երկխօսութեան համար պատուիրակութիւն ձեւաւորելու եւ արտակարգ ընտրութիւններու շուրջ բանակցելու` Հայ ազգային քոնկրեսի առաջարկը:

Պատասխանելով «Նովոսթի-Արմենիա» գործակալութեան այն հարցումին, որ իշխանութիւնը ի վերջոյ կ՛ընդունի՞ երկխօսութեան սկսելու` Հայ ազգային քոնկրեսի առաջարկը եւ արդեօք կը պատրաստուի՞ համապատասխան պատուիրակութիւն ձեւաւորելու, Կարէն Կարապետեան յայտարարեց, որ դժուար չէ նկատել, որ այդ երկխօսութիւնը շատոնց սկսած է, բաւական արդիւնաւէտ կ՛ընթանայ եւ շարք մը դրական փոփոխութիւններ արձանագրուած են: Ատիկա պարզապէս այնքան յստակ է, որ երկխօսութեան սկսելու մասին խօսիլը առնուազն տարակուսելի է: «Ինչ կը վերաբերի պատուիրակութիւն ձեւաւորելու եւ արտակարգ ընտրութիւններու շուրջ բանակցելու առաջարկին, ապա այստեղ թէ՛ առաջարկուող ձեւաչափը, թէ՛ դրուող հարցը, մեծ հաշիւով, ուղղակի ինքնանպատակ են եւ, ինչպէս դժուար չէ կռահել, անընդունելի», նշեց Կարէն Կարապետեան:

Ան յայտնեց, որ «պատուիրակութիւններու բանակցութիւններ» արտայայտութիւնը այնպէս ուռճացուած եւ գունազարդուած կը ներկայացուի, կարծես խօսքը կը վերաբերի միջպետական բանակցութիւններու եւ ոչ թէ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն գործակցութեան, որուն իրականացման` աշխարհին մէջ տարածուած մեքանիզմները Հայաստանի մէջ կան եւ որոնց վերջին տարիներուն աւելցած են նաեւ Հայաստանի նախագահին կողմէ առաջ քաշուած բոլոր ձեւաչափերը: Ան աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ խնդիրներուն վերաբերեալ հասցէական քննարկումներուն եւ մօտեցումներուն ճշգրտման ուղղուած գործելաոճն է միայն, որ կրնայ դրական եւ ընդունելի արդիւնքներու հասնիլ Հայաստանի ժողովուրդին համար:

«Մենք պիտի շարունակենք յանուն Հայաստանի յառաջընթաց զարգացման բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցելու մեր ջանքերը` կարեւոր նկատելով հաւանական արտաքին սպառնալիքներուն համախմբուած դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը, երկրին մէջ համակարգային փոփոխութիւններու շարունակականութիւնը, անոնց նոր ազդակ հաղորդելը եւ շօշափելի արդիւնքներ երաշխաւորելը: Այդ տեսանկիւնէն համաձայնական կառավարութեան կուսակցութիւնները պատրաստ են արդիւնաւէտ ձեւով աշխատելու բոլոր քաղաքական ուժերուն, ներառեալ Հայ ազգային քոնկրեսին հետ` գործադիր իշխանութեան կառոյցներուն մէջ եւ Ազգային Ժողովին մէջ հանդէս գալով Հայ ազգային քոնկրեսի բոլոր իրականանալի եւ «յանուն» առաջարկները առաջ տանողի դերին մէջ», եզրափակեց նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը:

Share this Article
CATEGORIES