«ԿԱՐԵԼԻ Է ԸՍԵԼ, ՈՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՈՐՈՇ ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ ԿՐՆԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒԻԼ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏՈՎ

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամետով երէկ լրագրողներուն յայտնած է, որ հաշուի առնելով Տովիլի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն հանդիպումին ժամանակ կատարուած յայտարարութիւնը, կարելի է ըսել, թէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ որոշ դրական քայլեր կրնան կատարուիլ:

Ըստ անոր, հիմնական հարցը, որուն շուրջ, ըստ համանախագահներուն եւ միջազգային հանրութեան, պէտք է համաձայնութեան հասնիլ, շրջանին մէջ սթաթիւս քոյի փոփոխութիւնն է:

Share this Article
CATEGORIES