ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Սէյիտ Նասրալլա` իրանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց իրանեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Իրանի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Հատտատ Ատել, երեսփոխան շէյխ Մըպահի Մուքատտամ եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի:

Հըզպալլայի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ իրանեան պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտնեց Իրանի զօրակցութիւնը` Դիմադրութեան նկատմամբ:

Հաղորդագրութեան համաձայն, քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս պաղեստինեան տագնապին վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած այլ հաղորդագրութիւն մը անդրադարձաւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ անցեալ կիրակի օր իսրայէլեան ուժերուն գործած սպանութիւններուն` խստիւ դատապարտելով պաղեստինցի անզէն քաղաքացիներուն դէմ գործուած սպանդը:

Հաղորդագրութիւնը շեշտեց պաղեստինցի գաղթականներու ցոյց կատարելու արդար իրաւունքը:

Հըզպալլա ողջունեց պաղեստինցի եւ սուրիացի երիտասարդներուն մէջ վառ մնացած ըմբոստութեան ոգին, որ կը բխի պաղեստինեան դատին արդար ըլլալուն նկատմամբ անոնց գիտակցութենէն:

Share this Article
CATEGORIES