Էխհորեսթ Այցելեց Ռուէյս Եւ Թրիփոլի
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ երէկ այցելեց Հարաւային արուարձաններու Ռուէյս շրջանը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլի, որոնք թիրախ դարձած էին պայթումներու:
Էխհորեսթ այցելեց պայթումներուն պատճառած վիրաւորներուն` անոնց մաղթելով ապաքինում եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն հարազատներուն:
Էխհորեսթ խստիւ դատապարտեց պայթումները եւ ամէն ձեւի բռնարարքները` շեշտելով, որ ուժի գործածութիւնը պիտի խորացնէ լիբանանեան երկփեղկումը:
Ան նշեց, որ լիբանանցիները միասնականութեան եւ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարիքը ունին:
CATEGORIES Լիբանանեան

