«Մինչեւ 4 Սեպտեմբեր Կառավարութիւն Մը Չկազմուելուն Պարագային Սեփական Հաստատութիւնները Պիտի Փակուին» Շեշտեց Մ. Շուքէյր
Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շուքէյր յայտնեց, որ սեփական հաստատութիւնները կը պատրաստուին փակելու իրենց դռները, եթէ մինչեւ 4 սեպտեմբեր կառավարութիւն մը չկազմուի:
Շուքէյր հաստատեց, որ Տնտեսական խորհուրդները այլեւս ձեռնածալ պիտի չմնան եւ պատրաստ պիտի ըլլան մագլցողական քայլեր որդեգրելու, եթէ 4 սեպտեմբերէն ետք Լիբանան նոյն իրավիճակին մէջ մնայ:
CATEGORIES Լիբանանեան