Մանսուր. «Սուրիոյ Ռմբակոծումը Իր Վտանգաւոր Հետեւանքները Պիտի Ունենայ Լիբանանի Վրայ»
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ ռմբակոծումը իր վտանգաւոր հետեւանքները պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ, որ արդէն իսկ դժուար հանգրուան մը եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ ուղղահայեաց երկփեղկում կը դիմագրաւէ:
Մանսուր յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է լուծէ երկրին դիմագրաւած ներկայ հանգրուանի քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային հարցերը` կոչ ուղղելով Լիբանանի կառավարութեան նիստեր գումարելու, նոյնիսկ եթէ անոնք ըլլան որոշ նախարարութիւններու հարցերուն վերաբերող սեղմ նիստեր:
Մանսուր զգուշացուց ՄԱԿ-ի եւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումէն անկախ Սուրիոյ դէմ արտաքին զինուորական գործողութիւններ սանձազերծելու քայլէն` նկատի ունենալով միջազգային ընտանիքին վրայ ինքնագլուխ ուժի գործադրութեան ունենալիք հետեւանքները:
Մանսուր աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան չի կրնար արտօնել, որ իր սահմաններն ու հողերը օգտագործուին` ռմբակոծելու համար քոյր պետութիւն մը: