Զօր. Քահուաժի Մեծարեց Բանակի Նահատակներուն Ընտանիքները
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ մեծարեց բանակի նահատակներուն ընտանիքները, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ բանակը միշտ ալ պայքարած է Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար` աւելցնելով, որ բանակը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնն ու պայքարը, մինչեւ որ իրաւունքը վերադառնայ իսկական իրաւատէրերուն:
«Լիբանանի միասնականութիւնն է, որ լիբանանցի զինուորը մղեց անվախ կռուելու եւ զոհուելու. ան այդ նպատակով ընտրեց իր ճակատագիրը եւ փափաքեցաւ իր ընտանիքին համար օրինակելի տիպար մը դառնալ», ըսաւ բանակի հրամանատարը:
CATEGORIES Լիբանանեան


